Հերհուխովարդի ծխական համայնքը, համագործակցելով Մաստրիխտի Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ վարչութեան հետ, Յուլիս 21-ին կազմակերպեց անմոռանալի ուխտագնացութիւն մը հայ հոգեւորական Սուրբ Սերուատիուսի դամբարան, որ կը գտնուի Մաստրիխտի համանուն եկեղեցիին մէջ:
«Հայերն այսօր»-ը, յղում կատարելով Նիտերլանտական օրագիրին, կը յայտնէ, որ ուխտագնացներուն դիմաւորեցին, ուղեկցեցան եւ քաղաքի մասին հետաքրքրական բացատրութիւններ տուին Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ անդամներ` պարոն Վազգէն Սարգիսը եւ Արմանտ Գարաօղլանը: Շրջագայութեան ընթացքին անոնք առաւել նախանձախնդրութեամբ ներկայացուցին հայկական հետքերը Մաստրիխտի մէջ, պատմեցին Սուրբ Սերուանտիուսի կեանքին, քաղաքին մէջ անոր յիշատակի տօնակատարութիւններուն մասին: Ներկայացուցին այն ուշադրութիւնն ու յարգանքը, որ կը վայելէ հայկական համայնքը Լինպուրկի մարզին մէջ: Նշանակալից է, որ 2018-ի Մայիսին քաղաքապետարանին կողմէ պաշտօնապէս համայնքին յանձնուեցաւ Սուրբ Սերուատիուսի դամբարանի պահպանութեան պատիւը: Այնուհետեւ Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ջերմ հիւրընկալութիւն տանտէրերուն կողմէ եւ յուշանուէրներու փոխանակութիւն: Օրուան աւարտին ուխտագնացները եղան երեք պետութիւններու սահմանակէտին վրայ` աշտարակի բարձրութենէն վայելելով սահմանակից երկիրներու գեղատեսիլ համապայնապատկերը:
Հերհուխովարդի ծխական համայնքի վարչութիւնը բոլոր ուխտագնացներուն կողմէ իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնած է Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ վարչութեան, մասնաւորապէս` պարոն Վազգէն Սարգիսին, Արմանտ Գարաօղլանին, վարչութեան նախագահ Լեւոն Սարգիսին եւ եկեղեցւոյ միւս անդամներուն` համագործակցութեան եւ ջերմ ընդունելութեան համար` յուսալով, որ սերտ համագործակցութիւնն ու փոխադարձ այցելութիւնները կ’ըլլան շարունակական` ի շահ համայնքներու ու միասնութեան ամրապնդման:
Ընդհանրապէս խրախուսելի է, երբ տարբեր քաղաքներու հայ համայնքները կը համագործակցին իրարու հետ, կը ծանօթանան իրարու գործունէութեան ու փորձին, կը շփուին, կը մտերմանան իրարու հետ: