Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

ՀԲԸՄ-ի Վաչէ Եւ Թամար Մանուկեան Երկրորդական Վարժարանի Հայերէնի Դասատու Նորայր Տատուրեան Մրցանակներու Արժանացած Է Հայաստանի Կառավարութեան Երկու Նախարարութիւններէ

ՀԲԸՄ-ի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանի հայերէնի դասատու Նորայր Տատուրեան մրցանակներու արժանացած է Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան երկու նախարարութիւններէ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը։

Արդարեւ, սփիւռքի նախարարութիւնը Տատուրեանին շնորհած է «Պատուոյ մրցանակ»-ը, հայերէնի պահպանութեան եւ զարգացման, ինչպէս նաեւ հայերէնի դասաւանդման մէջ անոր աւանդին համար։

Նաեւ, Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութիւններու նախարարութիւնը Տատուրեանին շնորհած է «Երախտագիտութեան վկայագիր», Համահայկական երիտասարդական արուեստի մրցանք-փառատօնին ընթացքին իր աշակերտներուն ապահոված տպաւորիչ արդիւնքներուն համար։ 2014-էն ի վեր Տատուրեան կը քաջալերէ իր աշակերտները, որ մասնակցին Երեւանի մէջ կայացող սոյն մրցանքին։

Նորայր Տատուրեան ծնած է Պոլիս եւ շրջանաւարտ է տեղւոյն Մխիթարեան երկրորդական վար-ժարանէն: Ան պսակաւոր արուեստից վկայական ունի իմաստասիրութեան ճիւղին մէջ։ Հեղինակն է «Բառերու Խորհրդաւոր Աշխարհը» յօդուածաշարին, որ 2012-էն ի վեր լոյս կը տեսնէ «Ակօս» շաբաթաթերթին, ինչպէս նաեւ «Ասպարէզ» օրաթերթի Շաբաթ օրուան թիւերուն մէջ։ Ներկայիս ան կ’աշխատի հայերէն 20 բանաստեղծութիւններու յունարէն թարգմանութեանց վրայ։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին