Երկուշաբթի, 24. 03. 2025

spot_img

Հայ Նահապետական Ընտանիքի Շառաւիղ՝ Բարերար Արմէն Յարութիւնեան Ոչ Եւս..

*ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ*

Ոչ եւս է լիբանանահայ հանրածանօթ ազգային բարերար, մտաւորական-առեւտրական Արմէն Յարութիւնեանը: Երբեմնի հայաշատ Այնթապի հանրածանօթ նահապետական Յարութիւնեան գերդաստանի շառաւիղը, որ ծանօթ էր լիբանանահայ հասարակութեան իր մարդասիրական, եկեղեցասիրական ու մշակութային ոլորտէ ներս ունեցած բազմապիսի ծառայութեանց համար, ահա այսօր կը մեկնի անվերադարձ, իր ետին ձգած տեսանելի մատնահետքեր՝ ազգային բնագաւառէն ներս:

Արմէն Յարութիւնեան այս աշխարհէն կը հեռանայ 88 տարիներու բեռը ուսերուն, սակայն գաղութէս ներս շահած գլխագիր ՄԱՐԴՈՒ անուն, որ իր կենդանութեան որպէս առաքինի հայ մարդ լաւապէս գիտցաւ գնահատել Հայ Գիրը, Հայ Գիրքը, Հայ Գրողը,  Հայ Ուսուցիչը,  Հայ Դպրոցը, Հայ Համալսարանը, Հայ Միութիւնը, Հայ Եկեղեցին եւ նամանաւանդ՝ Հայուն Հայրենիքը՝ անդաւաճան զգացումներով: Իրեն համար ՀԱՅ բառը հոմանիշ էր ԿԵԱՆՔԻ, ՅՈՅՍԻ եւ կայուն ՆԿԱՐԱԳՐԻ:

Եւ որպէս այդպիսին, այո՛, ան գնահատեց Հայ գիրը եւ այս արժեւորման մէջ ան դարձաւ Հայ գրող, Հայ նամակագիր, հայ յօդուածագիր, որուն գործերը  գնահատուեցան ու փնտռուեցան շատ-շատերու կողմէ, որովհետեւ ան ունէր պայծառ միտք, սուր տեսիլք ու նամանաւանդ ունէր սուր գրիչ… եւ ժամանակի ընթացքին հանրութեան հրամցուց իր սեփական հատորները՝ գրուած՝ համով ու հոտով: Որպէս յօդուածագիր, ան կը քննադատէր Հայ կեանքէ ներս տեսած բոլոր ծուռութիւնները, սխալներն ու թերութիւնները, պահանջելով անոնց սրբագրութիւնը:

Այո՛, ան գնահատեց Հայ գիրքը՝ դարձած անմահն Մաշտոցի հաւատարիմ զինուորն ու հետեւորդը եւ այս գնահատանքին ու ներբողին մէջ հանդիսացաւ տասնեակ մը գրողներու գիրքերուն մեկենասը, զանոնք ծանօթացնելով հայ հասարակութեան, միաժամանակ շատ բան հասկցնել փորձելով ունեւոր հայերուն, որպէսզի հետեւին իր օրինակին:

Այո՛, ան գնահատեց Հայ Ուսուցիչն ու Հայ Դպրոցը, արժեւորելով նամանաւանդ Հայերէն լեզուի եւ պատմութեան դասատուները, հանդիսանալով եզակի առեւտրական այս բնագաւառէ ներս, եւ օրին հաստատեց ՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑԻՉԸ ԳՆԱՀԱՏՈՂ ՖՈՆՏ՝ ՀԲԸՄ-ի կառոյցէն ներս, ուր եղաւ նաեւ Լիբանանի շրջանակային յանձնաժողովի գործուն անդամ:

 Դեռ չենք խօսիր իր առանձին վիճակներու մէջ հայ աշակերտ գնահատելու դերին՝ երբ ներկայացող իւրաքանչիւր առիթով սատար կը հանդիսանար հայ կարօտեալ աշակերտին ու համալսարանականին, որպէսզի հայ աշակերտը  չզրկուէր հայկական վարժարանի երդիքէն՝  նիւթականի համար: Ան խորունկ յարգանք ունէր նաեւ հայ մամուլին եւ կը գնահատէր արժանի խմբագիրներն ու հրապարակագիրները:

Այո՛, ան գնահատեց Հայ Համալսարանն ու Հայ Միութիւնը, եղաւ եզակի բարերար, հաստատելով կրթական ֆոնտեր՝ որպէսզի դէպի  ապագայ քայլ նետելիք հայ  համալսարանականը օգտուի անոր բարիքներէն եւ գտնէ իր ճանապարհը:

Այո, ան գնահատեց եւ բա՛րձր գնահատեց Հայ եկեղեցին, բազմատասնեակ տարիներ ծառայելով անոր՝ որպէս դպիր, ուրարակիր եւ սարկաւագ… միշտ հաւատալով դարաւոր Հայ  առաքելական եկեղեցւոյ սրբազան ու անուրանալի դերին: Նաեւ, որպէս բարեպաշտ ու հաւատացեալ հայ մարդ, ան իր ողջ կեանքի տեւողութեան հաւատա՛ց Հայ եկեղեցւոյ անսասանելիութեան ու միասնութեան գաղափարին, մերժելով ամէն տեսակ անջատողականութիւն հայ եկեղեցւոյ ծոցին մէջ… եւ այդ  պատճառով ալ պաշտելու աստիճան սիրեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, մեր Հաւատոյ Հանգանակը եւ Սրբութիւններու Սրբոցը, դառնալով անոր բարերար արժանաւոր անդամը: Ան սիրեց նաեւ մեր բոլոր նուիրապետական աթոռները, Անթիլիասը՝ առաջին հերթին, միշտ հոգատար հանդիսանալով անոր պայծառութեան, նաեւ՝ Երուսաղէմն ու Պոլիսը, որոնց համար դառնալով միշտ բծախնդիր՝ որպէսզի մնան իրենց նուիրապետական բարձրութեանց վրան:

Այո՛, ան գնահատեց նաեւ Հայուն Հայրենիքը՝ բոլոր ժամանակներու մէջ, սատար հանդիսանալով անոր՝ Խորհրդային ժամանակներէն մինչեւ Ազատ ու Անկախ Հայաստան…  մասնաւոր սէր  ու տաք յարգանք տածելով հայրենիքի  նկատմամբ:

Այո՛, այս բոլորը կատարեց Արմէն Յարութիւնեան, մնալով հլու հնազանդ ու աւանդապահ՝ իր գերդաստանէն ժառանգած ազգասիրութեան ազնիւ զգացումներուն ու  գաղափարին եւ շնորհիւ իր թանկագին կողակիցին՝ Տիկին Միմիի իրեն հանդէպ ցուցաբերած բարի կամեցողութեան ու նեցուկին, որուն հետ կազմած էր հայկական տիպար ու օրինակելի  ընտանիք, աշխարհ բերելով ու դաստիարակաելով նոյն շունչով ու հոգիով  հասակ առած երեխաներ: Պէտք է արդարօրէն շեշտենք, որ Տիկին Միմին իր համբերութեամբ  միշտ ու միշտ քաջալերեց  Պարոն Յարութիւնեանը, որպէսզի ան անմնացորդ սիրով շարունակէ իր ազգային ծառայութիւնները… երբ ինք ալ իր ամուսինին  չափ բարեպաշտ, նուիրեալ, զոհուեցաւ իր ընտանիքին, եկեղեցիին ու ազգին, սիրուելով ու յարգուելով բոլորէն, նամանաւանդ ծառայելով Լիբանանէ ներս  «Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբում»-ին.:

Այո՛ … այս պահուն ոչ եւս է զուարթախօս, սրամիտ, կատակասէր, քննադատ, բայց հպարտ հայ Արմէն Յարութիւնեանը: Այսօր ան առաջին անգամ ըլլալով լուռ է… եւ իր լռութիւնը մեզի համար կը հանդիսանայ  լուրջ հրաւէր՝ որպէսզի նայինք ետ, մօտաւոր անցեալին…  իր կատարածներուն… իր թողած աւանդին…. իր ետեւ ձգած մեծ գործին եւ վարակիչ բարի օրինակ վերցնենք իրմէ…: Ան հիմա կ’երթայ անդենական, յաւէտ բաժնուելով մեզմէ,  սակայն հաւատացած ենք, որ լոկ մարմինով է որ կը հեռանայ մեզմէ… միա՜յն…:

Համոզուած եմ ու կը հաւատամ, որ իր բարի յիշատակը պիտի ապրի մեզի հետ, եւ մենք ուրախութեամբ ու գոհունակութեամբ պիտի յիշենք իր բծախնդրութիւնը, նախանձախնդրութիւնը, հայրենիքի, ազգի, միութեան, դպրոցի, մշակոյթի, թերթի,  գիրքի եւ գիրի հանդէպ ունեցած ՀԱՅԿԱԿԱՆ մաքուր սէրը, որ «Արմէնական  Չակերտաւոր Հիւանդութիւն» էր… որուն միշտ միացած էր անոր բարի եւ անմեղ ժպիտը:

Երբ կը գրեմ այս տողերը, յարգանքի տուրք մը մատուցած ըլլալու համար սիրելի Արմէն Յարութիւնեանին, ակամայ կը վերյիշեմ արեւմտահայ քերթողութեան իշխան Վահան Թէքէեանի խօսքը.

-Ի՞նչ մնաց, կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց… ինչ որ տուի՝ ուրիշին:

Արմէն Յարութիւնեան շատ բան տուաւ…. այո՛, շատ բան, բայց ոչ ուրիշին, այլ իր ազգին, իր եկեղեցիին, իր ազգի զաւակներուն…: Իսկ մենք, այս պահուն փոխարէնը պիտի գանք իրեն հրամցնել՝ ՍԷՐ, ՅԱՐԳԱՆՔ ու ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ: Սէր՝ հանդէպ իր մեծութեան,  յարգանք՝ իր յիշատակին, իսկ երախտագիտութիւն՝ ձգած մեծ աւանդին:

Խորունկ ցաւակցութիւններս իր կնոջ՝ Տիկին Միմիին, զաւակներուն, թոռներուն, քոյրերուն, հարազատներուն եւ զինք սիրող բարեկամներուն:

-Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի Արմէն:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին