Ռուսաստանի Գեղարուեստի ակադեմիոյ, Ռուսաստանի գեղարուեստի ստեղծագործական միութեան ցուցահանդէսներու եւ կրթական ծրագիրներու, «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի եւ շարք մը այլ կազմակերպութիւններու աջակցութեամբ եւ Photopodium.com կայքի նախաձեռնութեամբ Թէքէեան կեդրոնին մէջ կայացաւ «Դիմանկար» խորագրով միջազգային լուսանկարչական ցուցահանդէսի բացումը:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած է 91 հեղինակէ թիւով 105 աշխատանք Հայաստանէն, Ռուսաստանէն, ԱՄՆ-էն, Իսրայէլէն, Լեհաստանէն, Էսթոնիայէն եւ Ուքրանիայէն:
Հայաստանը կը ներկայացնեն յայտնի լուսանկարիչներ՝ Արմէն Ենգոյեանը, Արմէն Մուրադխանեանը, Յարութիւն Խաչատրեանը, Վահան Քոչարը, Վիգէն Մնոյեանը, Գագիկ Գասպարեանը, Քարինա Շմիթը, Մարիաննա Մելիքսեթեանը, Նարեկ Խեչոյեանը, Նորայր Աբգարեանը, Ներսէս Մատինեանը, Տաթեւ Մնացականեանը, Էտկար Մարտիրոսեանը:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած դիմանկարներու լայն ընտրանին հանրութեան հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ ծանօթանալու աշխարհի տարբեր ազգերու առանձնայատկութիւններուն, բնաւորութեան ու հաւաքական կերպարին:
Հաւաքածոն առանձնայատուկ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է այցելուներու, այդ կարգին՝ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրի մասնակիցներուն մօտ:
Նշենք, որ ցուցահանդէսը կը գործէ մինչեւ Օգոստոս 13: Մուտքը անվճար է: