Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Արմէն Յարութիւնեանի Անթառամ Յիշատակին

Արմէն Յարութիւնեան
(1930 – 2018)

Արմէն Յարութիւնեան ծնած է 1930-ին Հալէպ։ Շրջանաւարտ տեղի Կրթասիրաց վարժարանէն (նախակրթարան): Տարի մը ոսկերչութեան արհեստին հետեւելէ ետք կը սկսի յաճախել Ալեփփօ գոլէճ, ուր Սոֆոմոր նախաբժշկագիտական դասարանէն շրջանաւարտ կ’ըլլայ 1951-ին եւ ապա կը նետուի կեանքի ասպարէզ` առեւտուրի ճամբով։

Ա. Յարութիւնեան ազգային կեանքի մասնակցութիւնը կը սկսի շատ կանուխ. տարիներ կը ծառայէ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի ուսանողական միութեան վարչութեան մէջ, ապա Կրթասիրաց վարժարանի Շրջանաւարտից միութեան մինչեւ 1961, երբ կը տեղափոխուի Պէյրութ, ուր կ’անդամակցի Այնթապի Հայրենակցական միութեան, ապա տարիներ կը վարէ անոր վարչութեան ատենապետութիւնը։ Նոյն տարիներուն եղած է ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի շրջանայինի անդամ եւ վարած փոխատենադպիրի պաշտօն։

Ա. Յարութիւնեան իր գիտակից կեանքի ամբողջ վաթսուն տարիներուն եղած է Հայ եկեղեցիի հաւատարիմ սպասարկու։ Պատանեկան առաջին տարիներէն Հալէպի Սբ. Աստուածածնայ եկեղեցիին մէջ իբր դպիր իր մասնակցութիւնը կը բերէ պատարագի արարողութեան, եւ այդ զինք կ’արժանացնէ սարկաւագի աստիճանին։

Գործարար Արմէն Յարութիւնեան գործուն դերակատարութիւն կ’ունենայ Հայաստանի մէջ Նոր Այնթապ աւանի ժանեակի գործարանի հիմնադրութեան աշխատանքներուն։ Հայ դպրոցի ջատագով ՀԲԸ Միութեան մօտ կը հաստատէ յատուկ հիմնադրամ մը՝ ՀԲԸՄ-ի դպրոցներուն մէջ հայագիտական նիւթեր դասաւանդող ուսուցիչներուն առ ի գնահատանք ու նպաստ։ Այսօր այդ հիմնադրամը կը գործածուի որոշ թիւով համալսարանական կարիքաւոր ուսանողներու կրթանպաստին։

Հայ գիրքի բարեկամ Ա. Յարութիւնեան մեկենասն է «Միմի եւ Արմէն Յարութիւնեան Մատենաշար»-ին։ Այդ մատենաշարով ցարդ լոյս տեսած են քսան հատորներ։

Իր ազգային բարեգործ ծառայութիւնը բարձր գնահատելով` Ամենայն հայոց կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Վազգէն Ա. 1991 թուականին Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ շքանշանով կը պատուէ Ա. Յարութիւնեանը ու զայն կ’անուանէ Սբ. Էջմիածինի բարերար։ 3 Հոկտեմբեր 2017-ին Արմէն Յարութիւնեան Լիբանանի մէջ  Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան ձեռամբ ստացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան  նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով  շնորհուած «Մովսէս Խորենացի» մետալը:

Արմէն Յարութիւնեան իր «Նամակ»-ներով աշխատակցած է գլխաւորաբար նախ «Զարթօնք» օրաթերթին, ապա «Արարատ», «Ծաղիկ», «Նայիրի» եւ «Ազդակ» օրաթերթերուն եւ շաբաթաթերթերուն: 2008-ին առանձին հատորով լոյս կ’ընծայէ իր առաջին հարիւր նամակները՝ «Նամակներ Պէյրութէն» ընդհանուր խորագրով։

Ա. Յարութիւնեան 1958-ին ամուսնանացած է Սալբի (Միմի) Համբարձումեանի հետ, եւ Աստուած իր ընտանիքը ընտանիքը օրհնած է մէկ աղջիկ եւ երկու մանչ զաւակներով։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին