Յուլիս 24-ին Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ՝ Վանաձորի մէջ ելոյթ ունեցաւ Փարիզէն ժամանած «Արարատ» պարախումբը, որ այս տարի կը տօնէ իր հիմնադրման 15-ամեակը: Պարախումբը առաջին անգամն է, որ հանդէս կու գայ Հայաստանի մէջ:
Համերգին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Լոռիի փոխմարզպետ Սերկէյ Սարուխանեան: Ան շնորհաւորեց պարախումբի յոբելեանը եւ բարի երթ մաղթեց:
«Արարատ» պարախումբը համերգով հանդէս կու գայ նաեւ Յուլիս 28-ին Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի դահլիճին մէջ: