Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

Հայաստանի Երիտասարդներու Յատուկ Վարժողական Ծրագիր Լոս Անճելըսի Քաղաքապետարանին Մէջ

Հայաստանի կառավարութեան եւ Լոս Անճելըս քաղաքին միջեւ կնքուած փոխըմբռնման յուշագիրին պայմաններով, երիտասարդ մասնագէտներու վերապատրաստման ծրագիր մը պիտի իրականացուի՝ համագործակցութեամբ Հարաւային Գալիֆորնիոյ համալսարանի հայագիտական հիմնարկին, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանի եւ Հայաստանի փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի գրասենեակին։

Աւինեանի գրասենեակը կը հաղորդէ, որ ծրագիրը պիտի իրականացուի այս տարուան Սեպտեմբերէն Դեկտեմբեր ամիսներուն ընթացքին, երբ վարժողական ծրագիրի մասնակիցները նոյն ժամանակ Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանին մէջ պիտի աշխատին եւ պիտի հետեւին Հարաւային Գալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ շարք մը դասընթացքներու:

Վարժողական ծրագիրներ կ’առաջարկուին հետեւեալ բաժանմունքներուն մէջ.

– Հանրային աշխատանքներու վարչութիւն, որ պատասխանատու է պետական ծրագիրներու, ներառեալ՝ կամուրջներու, գրադարաններու, ջրազտման կայաններու կառուցման, փողոցներու նորոգութեան եւ կանաչապատման.

– Մաքրութեան կառավարման վարչութիւն, որ պատասխանատու է կենցաղային կոշտ թափօններու եւ կոյուղիներու համակարգերու կառավարման:

Ծրագիրին կրնան դիմել համապատասխան մասնագիտութեամբ եւ անգլերէնին լաւ տիրապետող մինչեւ 35 տարեկան Հայաստանի քաղաքացիներ: Ծրագիրի շրջանաւարտները պարտաւոր են աշխատելու Հայաստանի կառավարութեան համապատասխան գերատեսչութիւններու մէջ:

«Ծրագրին մասնակցելու համար խնդրում ենք ուղարկել ինքնակենսագրական եւ նամակ (անգլերէնով, մինչեւ մէկ տպագիր էջ) vartouhi.yessaian@gov.am հասցէին: Խնդրում ենք նամակում նշել այն վարչութիւնը, որտեղ ցանկանում էք անցընել փորձը: Ծրագրին դիմելու վերջնաժամկէտն է Յուլիսի 28-ը: Ծրագրի կազմակերպիչները կը կապուեն միայն յաջորդ փուլ անցած մասնակիցների հետ»,- կ’ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:

 

 

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին