Երեքշաբթի, 10. 12. 2024

spot_img

Իրանահայ Երգահանին Նոր Ստեղծագործութեան Մէջ Թաքնուած Է Անոր Ազգային-Հոգեւոր Մտածողութիւնը

Յուլիս 10-ին աւարտեցաւ իրանահայ երաժիշտ, երգահան Ռազմիկ Օհանեանի նոր ստեղծագործութեան ձայնագրութեան աշխատանքները:

«Հայերն այսօր»-ը, յղում կատարելով «Ալիք» օրաթերթին, կը յայտնէ, որ Իրանի հեռուստատեսութեան երաժշտական բաժինի պատուէրով գրուած մայսթրօ Ռազմիկ Օհանեանի «Իրան» ստեղծագործութեան բառերու հեղինակը Ալիռեզա Ղազուեն է, իսկ երգը կը կատարէ անուանի երգիչ Սալար Աղիլին:

Երաժշտական իւրայատուկ ոճով գրուած «Իրան» ստեղծագործութիւնը նախատեսուած է սիմֆոնիկ նուագախումբի, երգչախումբի եւ մենակատար թենոր ձայնածաւալի համար: Մայսթրոյի ստեղծագործութեան խորքին մէջ թաքնուած է անոր ազգային-հոգեւոր մտածողութիւնն ու երաժշտական հարուստ փորձը, որոնք ալ վճռորոշ նշանակութիւն  ունեցած են անոր ստեղծագործութեան ամբողջացման գործին մէջ:

Մայսթրօ Ռազմիկ Օհանեան, խօսելով «Իրան» ստեղծագործութեան ոգեշնչման աղբիւրներու մասին, կ’ըսէ. ««Իրան»-ը կը յիշեցնէ իրանահայ ազգանուէր երաժիշտներուն ու արուեստագէտներուն,  ներառեալ` Ռուբիկ Գրիգորեանին, Համբարձում Գրիգորեանին, Լիւդուիգ Բազիլին, Արամայիս Աղամալեանին, Ելենա Աւետիսեանին եւ շատ ու շատ ուրիշներ, որոնք քալեցին ու անցան մեր պատմութեան էջերով, որոնց իւրաքանչիւրի կեանքը լի է ստեղծագործական փայլուն գործունէութեամբ»:

 

 

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին