*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
ՊԷՅՐՈՒԹ, ԶԱՐԹՕՆՔ: Երէկ Այն Էլ Թինէի իր բնակարանին մէջ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Աղասալիմ Շիւքիւրովին, որ իրեն յանձնեց Ազրպէյճանի խորհրդարանի նախագահին պաշտօնական հրաւէրը այցելութիւն տալու Ազրպէյճան:
Հրաւէրը նաեւ կ’ընգրկէր ներկայ ըլլալ Ազրպէյճանի խորհրդարանի կազմութեան 100-ամեակի տօնակատարութեան, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Սեպտեմբեր 19-ին:
Լիբանանի Խորհրդարանի լրատուական գրասենեակի յայտարարութեան մէջ յստակ չէ, թէ նախագահ Պըրրի ընդունա՞ծ է հրաւէրը կամ ոչ, սակայն մեզի կը մնայ մեր ունեցած բոլոր միջոցներով յիշեցնել Պրն. Պըրրիին, որ ինք խորհրդարանի նախագահն է այն երկրին, ուր կ’ապրի համայնք մը, որուն արժանապատուութիւնը խորապէս կը վիրաւորուի նման հրաւէրի մը ընդառաջումով:
Մենք կը հասկնանք, որ Լիբանան բնականաբար ունի դիւանագիտական եւ այլ ամուր կապեր Ազրպէյճանի հետ, սակայն խորհրդարանի նախագահի մակարդակով ներկայ գտնուիլ Ազրպէյճանի, այսպէս կոչուած, խորհրդարանի կազմութեան 100-ամեակին, պէտք է նաեւ վիրաւորէ ու զարթնեցնէ խորհրդարանի նախագահը իր պաշտօնին վրայ ընտրող Լիբանանի խորհրդարանին անդամ հայ երեսփոխանները, ըլլան անոնք հայկական պլոքի անդամ, անկախ, կամ ինքզինք որպէս «հայկական ծագում» ունեցող լիբանանցի ներկայացնող…:
Նախագահ Պըրրին լաւ պէտք է իմանայ, որ օրն ի բուն մարդկային իրաւունքներ խախտող, խօսքի ազատութիւնը ծաղրող, ժողովուրդի մը ինքնորոշման տարրական իրաւունքը ոտնակոխ ընող, ցեղասպանութիւն քաջալերող, պետական ահաբեկչութիւն կիրարկող, Սաֆարովը պատուող երկրի մը խորհրդարանի կազմութեան տարեդարձին ներկայ ըլլալը պատիւ չի բերեր իր անձին, որուն արդարամտութեան եւ հայ ժողովուրդին հանդէպ ունեցած յարգանքին մասին չունինք ո՛չ մէկ կասկած:
Կը մնայ հայ երեսփոխաններուն եւ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու Լիբանանի վերի մարմիններուն այս հարցով մօտէն զբաղիլ եւ կեցուածք որդեգրել, որպէսզի տուեալ այցելութիւնը գոնէ տեղի ունենայ ներկայացուցիչի մը մասնակցութեամբ եւ ո՛չ Խորհրդարանի նախագահի մակարդակով: