Երէկ առաւօտ, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանէն ներ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց սուրիական տագնապի լուծման Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Տի Միսթուրայի փոխանորդ Ա. Լահհամը։
Ժընեւի ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ իր գրասենեակը ունեցող Ա. Լահհամը Վեհափառ Հայրապետին պարզեց Տի Միսթուրայի ու իր կատարած վերջին շրջանի աշխատանքները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ ներս տեղի ունեցող զարգացումները։ Նորին Սրբութիւնը կարեւորութեամբ շեշտեց սուրիական տագնապին շուտափոյթ լուծում տալու հրամայականը, որպէսզի երկիրը կարենայ վերակառուցման ընթացքին սկսիլ։ Այս ծիրէն ներս հայրապետը յատկապէս ընդգծեց քրիստոնեայ համայնքներուն, ներառեալ՝ հայ համայնքին կարեւոր դերը երկրի վերակառուցման ու քաղաքական գործընթացներու մասնակցութեան կարեւորութիւնը։