Առաջնային գիծին վրայ իրադրութիւնը կայուն հանգիստ է: Նախորդ տարիներուն համեմատ` հրադադարի ռեժիմի խախտումներու կտրուկ նուազում ունինք բոլոր ուղղութիւններով: Այս մասին Յուլիս 24-ին կայացած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ ըսաւ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար, ՊԲ հրամանատար Լեւոն Մնացականեանը` աւելցնելով, որ խախտումները կ’արձանագրուին միայն հրաձգային զինատեսակներէ:
«Նման հանգիստ վիճակ երբեւէ չէ եղած, սակայն հնարաւոր է լարուածութեան աճ սեպտեմբեր-հոկտեմբերին»,- աւելցուց նախարարը:: Պաշտպանութեան բանակը վերահսկելով բոլոր գործողութիւնները` կը շարունակէ իր որդեգրած քաղաքականութիւնը բոլոր ուղղութիւններով` շեշտը դնելով հակառակորդի հետագայ գործողութիւններուն, բացայայտման, աւելի մանրակրկիտ վերլուծման վրայ եւ ըստ այդմ նախանշելով առաջնահերթութիւնները: Այսօր մեզի համար առանջային կը համարուին առանջագիծի հետ կապուած աշխատանքները` համակարգերու տեղադրման եւ կառավարման, հետախուզման, տեսադիտարկման առումներով: Ներկայիս աւելցած են պաշտպանութեան բանակի սահմանափակ պայմաններու մէջ հետախուզութեան վարման հնարաւորութիւնները: Ընդլայնուած է նաեւ սպառազինութեան եւ ռազմասարքերու զինանոցը: Վերլուծելով հակառակորդի կողմէ վերջերս իրականացուող զօրավարժութիւնները` որոշ փոփոխութիւններ մտցուած են զօրքերու պատրաստութեան ծրագիրներուն մէջ` շեշտը դնելով նման գործողութիւններու դիմակայումին եւ, անհրաժեշտութեան պարագային, պատասխան գործողութիւններու դիմելուն: Առաջին ուսումնական փուլին մէջ զօրքերը պատրաստուած են եւ ի վիճակի են բարձր մակարդակով կատարելու իրենց առջեւ դրուած խնդիրները: Բացի այդ՝ աշխատած ենք նաեւ զինուորական կարգապահութեան ամրապնդման վրայ եւ բոլոր ուղղութիւններով ունինք շօշափելի յառաջխաղացք»,- մանրամասնեց Լ. Մնացականեանը:
ՊԲ հրամանատարի խօսքով` ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս շարունակուած են Ազրպէյճանի Հանրապետութեան ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան կողմէ կատարուող ռազմատենչ յայտարարութիւնները:
«Ազրպէյճանը բացէ ի բաց կը յայտարարէ, որ հիմնախնդիրի լուծման միակ տարբերակը ռազմական ուղին է: Նման յայտարարութիւններ վերջին անգամ կատարուած են Յունիս ամսուան ընթացքին Ազրպէյճանի զինուած ուժերու 100-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւններուն, որոնց կը մասնակցէին նաեւ տարբեր երկիրներէ հրաւիրեալներ: Այդ մէկը եղած է ոչ միայն իրենց ներքին լսարանի համար, այլեւ միջազգային հանրութեան առջեւ: Ընթացիկ տարուան Մարտ ամիսէն սկսեալ, հակառակորդը աշխուժացուցած է մարտական պատրաստութեան վերաբերող բոլոր միջոցառումները, յատկապէս առաջնային գիծի մօտակայքը նկատելի դարձած են զրահահրասայլային, հրասայլային բոլոր զօրամասերու եւ ստորաբաժանումներու ընդգրկումով զօրավարժութիւնները: Տեղի ունեցած են նաեւ զօրատեսակներու առանձին, ինչպէս նաեւ ըստ մասնագիտական ուղղութիւններու զօրավարժութիւններ: Բոլոր զօրավարժութիւնները վերահսկուած են մեր կողմէ` որոշ ուղղութիւններով նոյնիսկ մեզի համար տեսանելի ըլլալով: Այս կիսամեակի ընթացքին աշխուժօրէն աշխատած են անոնց հետախուզական միջոցները, ներառեալ անօդաչու թռչող սարքերը եւ ցամաքային հետախուզութեան միջոցները: Հակառակորդը բոլոր միջոցներով աշխատած է, որպէսզի հայթայթէ տուեալներ մեր առաջնագիծի կահաւորման, զօրքերու տեղակայման, ընդհանուր գործունէութեան վերաբերեալ` լայն թափ հաղորդելով առաջնային գիծի կահաւորման աշխատանքներուն»,- աւելցուց Լ. Մնացականեանը:
Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ՊԲ հրամանատարը պատասխանեց նաեւ լրագրողներու հնչեցուցած հարցերուն:
Նշենք, որ Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան հրաւէրով հայկական տարբեր լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ այցելեցին Արցախ եւ տուեալ մամլոյ ասուլիսին նախօրէին գտնուեցան առաջնագիծի տարբեր դիրքեր՝ մօտէն տեղեկանալու կացութեան: