Հայաստանի եւ Իրանի յարաբերութիւնները կայուն զարգացում կ’ապրին՝ համաձայն երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական ու ռազմավարական շահերու: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին «EADaily»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը:
«Մեր յարաբերութիւնները կ’ընդգրկեն այնպիսի ոլորտներ, ինչպիսիք են ուժաբանութիւն, փոխադրամիջոց, գիւղատնտեսութիւնը, մշակոյթն ու կրթութիւնը: Պաշտպանութեան ոլորտին մէջ հայ-իրանական յարաբերութիւնները կը սահմանափակուին աշխատանքային ռազմա-քաղաքական խորհրդակցութիւններով՝ երկու երկիրներու պաշտպանական գերատեսչութիւններու ղեկավարներուն մակարդակով»,- ըսած է ՊՆ ղեկավարը:
Անդրադառնալով Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ լարուած յարաբերութիւններու առկայութեան փաստին՝ Տօնոյեանը նշած է, որ Հայաստանը մշտապէս իր բարեկամական երկիրներուն միջեւ խնդիրները բանակցային ճամբով կարգաւորելու կողմնակից եղած է: «Յոյսով ենք, որ Իրանի ու ԱՄՆ միջեւ յարաբերութիւններու ներկայ վատթարացումը ժամանակաւոր երեւոյթ է եւ ապագային անոնք աստիճանաբար կը բարելաւուին»,- յայտարարած է պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը: