ՀՀ ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արմէն Աշոտեան Յուլիս 23-ին հանդիպած է Գերմանիոյ Պունտեսթակի պատգամաւոր Քրիսթոֆ Փլոսի հետ: Այս մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԺ լրատուութեան եւ հանրային կապերու վարչութենէն:
Հանդիպումին ներկայ եղած է նաեւ Քոնրատ Ատենաուեր հիմնադրամի «Քաղաքական երկխօսութիւն Հարաւային Կովկաս» տարածաշրջանային ծրագիրի ղեկավար Թոմաս Շրափելը, ինչպէս նաեւ հայասանեան մասնաճիւղի ղեկավար Լիանա Մարուքեանը:
Ողջունելով հիւրերուն ՀՀ Ազգային ժողովին՝ Արմէն Աշոտեան կարեւորած է խորհրդարաններուն միջեւ առկայ յարաբերութիւններու զարգացումը:
Հանդիպումին ընթացքին կողմերը անդրադարձած են երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական զարգացման հեռանկարներուն: Գերմանացի խորհրդարանականը նշած է, որ Գերմանիոյ մէջ կայ հետաքրքրուածութիւն Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու հետ կապուած, եւ այս առնչութեամբ կարեւորած է ներդրումային անվտանգութեան ապահովումը:
Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ Հայաստան-ԵՄ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրին, ինչի հետ կապուած յանձնաժողովի նախագահը ընդգծած է, որ անիկա նախկին իշխանութիւններու արտաքին քաղաքականութեան ձեռքբերումն է, եւ խորհրդարանը պահանջատէր պիտի ըլլայ կառավարութենէն ՀՀ-ԵՄ համաձայնագիրի իրականացման տեսակէտէն:
Արմէն Աշոտեան յոյս յայտնած է, որ Գերմանիոյ խորհրդարանը եւս շուտով կը համալրէ համաձայնագիրը վաւերացուցած երկիրներու շարքը:
Արտաքին եւ անվտանգային քաղաքականութիւններու հիմնահարցերու հետ կապուած յանձնաժողովի նախագահը նշած է, որ Հայաստանը պիտի շարունակէ նախորդ իշխանութիւններու որդեգրած քաղաքականութիւնը՝ փորձելով ներդնել հնարաւոր ճիգ՝ կառուցելու իր արտաքին քաղաքականութիւնը ոչ թէ աշխարհաքաղաքական դերակատարներու շահերու հակադրման, այլ համադրման սկզբունքի վրայ:
Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող վերջին գործընթացներուն, քննարկուած են ընտրական օրէնսդրութեան բարեփոխումներու հետ կապուած հարցեր: Արմէն Աշոտեանը ԸՕ բարեփոխումներու գործընթացին մէջ կարեւորած է ընտրական բարեփոխումներու կայացումը քաղաքական լայն համաձայնութեամբ, հանրային ներգրաւուածութեամբ եւ միջազգային չափանիշներու, մասնաւորապէս Վենետիկի յանձնաժողովի ու ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-ի առաջարկներու հիման վրայ:
Յանձնաժողովի նախագահը նշած է, որ անկախ անկէ, թէ Հայաստանի մէջ ինչպիսի ներքաղաքական զարգացումներ կ’ընթանան, անվտանգային եւ արտաքին քաղաքակական հարցերուն մէջ անգամ հակառակ բեւեռներու վրայ գտնուող քաղաքական ուժերը պիտի փորձեն ընել հնարաւորը՝ Հայաստանի պետական շահի խթանման համար: