Չորեքշաբթի, 18 Յուլիսի 2018-ի երեկոյեան, Դամասկոսի Ս. Սարգիս Հայոց թեմի առաջնորդանիստ եկեղեցի այցելեցին, Հայաստանի հանրապետութեան բանակի խաղաղապահ ուժերու խումբ մը սպաներ ու զինուորականներ: Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ հայկական զինուորական պատուիրակութեան անդամները հանդիպում ունեցան դամասկահայ հոգեւոր առաջնորդներու, միութիւններու ու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ը կը տեղեկանայ Բերիոյ Լուրեր ֆէյսպուքեան էջէն:
Հանդիպումին ներկայ էին, Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանը, Արհի. Յովսէփ Եպս. Առնաութեանը, Սուրիոյ Խորհրդարանի պատգամաւոր դոկտ. Նորա Արիսեանը, ինչպէս նաեւ Ազգային իշխանութեան, դամասկահայ միութիւններու ու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Հայաստանի Հանրապետութեան խաղաղապահ զինուորականներուն կ’ընկերակցէին Հայաստանի հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան դոկտ. փրոֆ. Արշակ Փոլատեանը ու դեսպանատան անձնակազմի անդամները:
Գերաշնորհ Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեան բարի գալուստի խօսք արտասանեց, ոջունեց հայրենի բանակի ներկայացուցիչները Դամասկոսի մէջ ու յայտնեց իր անկեղծ գնահատանքը սոյն պատուիրակութեան մարդասիրական առաքելութեան նկատմամբ:
Դեսպան Արշակ Փոլատեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց այն բարեկամական յարաբերութիւնները, որոնք առկայ են Հայաստանի եւ Սուրիոյ միջեւ:
Արհի Յովսէփ եպս. Առնաութեան իր կարգին ողջունեց Հայոց բանակի զինուորականներուն ներկայութիւնը եւ ամփոփ տեղեկութիւններ տուաւ Դամասկոսի Հայ կաթողիկէ համայնքի մասին:
Այնուհետեւ խօսք առաւ հայկական զինուորական պատուիրակութեան ղեկավար գնդապետ Գէորգի Նալպանտեանը: Ան յայտնեց, որ պատուիրակութիւնը Սուրիա կը գտնուի Հայաստանէն 100 թոն մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու Սուրիոյ ժողովուրդին, որոնք փոխադրուած են ռուսական բանակի բեռնատար օդանաւերով: Գնդապետ Նալպանտեանը յայտնեց, որ օգնութեան մեծ մասը, որ կը բաղկանայ սննդամթերքէ, յանձնուած է Սուրիոյ Կարմիր Մահիկ կազմակերպութեան, իրենց միջոցաւ բաժնուելու կարիքաւորներուն, իսկ մնացեալը յանձնուած է Հալէպի, Քեսապի եւ Լաթաքիոյ հայկական համայնքին: Գնդապետ Նալպանտեան ներկայացնելէ ետք պատուիրակութեան անդամները, յայտնեց որ իրենց այցելութեան նպատակն է նաեւ ուսումնասիրել Սուրիոյ ժողովուրդի կարիքները, հանդիպիլ պետական ու զինուորական պատասխանատուներու ու հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ,
Միւս կողմէ, Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան յայտնեց, որ հայ զինուորը ամբողջ հայ ժողովուրդի հպարտութիւնն է: Ան նշեց, թէ Սուրիոյ տագնապի օրերուն Հայաստանի կեցուածքը ու այդ ժամանակաշրջանին մէջ հերթաբար ուղարկուած մարդասիրական օգնութիւնները, դրական մեծ անդրադարձ ունեցած է Սուրիոյ պետութեան մօտ ու լրատուական միջոցները դրուատիքով արտայայտուած են բարեկամ Հայաստանի եղբայրական կեցուածքին մասին: Դոկտ. Արիսեան ՀՀ ուղղած մարդասիրական օգնութիւններուն մասին աւելցնելով ըսաւ, որ այդ արկղերէն մաս մը տրամադրուած է Սուրիոյ բանակի նահատակներու ու վիրաւորներու ընտանիքներուն:
Ապա տեղի ունեցաւ մտերմիկ զրոյց, որուն ընթացքին ամփոփ տեղեկութիւն փոխանցուեցաւ դամասկահայութեան մասին եւ հարցումներ ուղղուեցան գնդապետ Նալպանտեանին:
Գնդապետ Գէորգի Նալպանտեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն: Նշենք, որ հանդիպման ընթացքին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
Հանդիպման աւարտին, ներկաները միասնաբար ուղղուեցան Ս. Սարգիս եկեղեցի, եւ հոն հոգեւոր հայրերու կողմէ աղօթք բարձրացաւ առ Աստուած Սուրիոյ ու Հայաստանի հանրապետութիւններուն խաղաղութեան ու բարօրութեան համար:
Հուսկ՝ ներկաները եկեղեցւոյ բակին մէջ, Մեծ եղեռնի յուշարձանին դիմաց խմբանկարով մը պատմութեան արձանագրեցին յիշատակելի հանդիպումը: