Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Մասնակցեցաւ «Միասնականութիւն Ընդդէմ Բռնութեան, Ծայրայեղութեան Եւ Թմրեցուցիչի» Խորագրեալ Ոտնագնդակի Խաղին

Չորեքշաբթի, 18 Յուլիս 2018-ին Համանա (Լիբանան) գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ ոտնագնդակի խաղ՝ հովանաւորութեամբ «The Global Forum for Religions and Humanity» կազմակերպութեան, «Միասնականութիւն ընդդէմ բռնութեան, ծայրայեղութեան եւ թմրեցուցիչի» խորագրին տակ: Այս ոտնագնդակի խաղին մասնակցեցան հոգեւորականներ՝ Լիբանանի բոլոր համայնքներէն։ Արդարեւ, ընդառաջելով վերոյիշեալ կազմակերպութեան հրաւէրին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւնը ներկայացուց Հոգշ. Տ. Սմբատ վրդ. Սապունճեանը: Ան իր մասնակցութիւնը բերաւ սոյն բարենպատակ խաղին։ Խաղը նաեւ կը նպատակադրէր առաւել համերաշխութեան, խաղաղութեան ու միասնականութեան ոգի ներշնչել համայնքներուն միջեւ:

Յայտնենք, որ տեղական բոլոր պատկերասփիւռի կայանները մեծապէս արձագանգեցին՝ շեշտելով ու կարեւորելով խաղին ընդմէջէն արտայայտուող նպատակն ու պատգամը։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին