Վերջերս, Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի հիւպատոսարանին մէջ սարքուած յատուկ ընդունելութեան մը ընթացքին հիւպատոսը՝ պր. Արմէն Սարգսեան, հայրենի պետութեան անունով պարգեւատրած է հալէպաբնակ հինգ կրթական մշակներ մայրենի լեզուին ու հայ գրականութեան տարածման համար անոնց ցուցաբերած նուիրումին առ ի գնահատանք։
Մեծարեալները ջերմօրէն ողջունուած ու հիւրընկալուած են հիւպատոսին կողմէ։ Հիւպատոսը իր հիւրերուն մի առ մի յանձնած է Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ ղրկուած պաշտօնական վկայագիրեր ու ատոնց առընթեր «Մայրենիի դեսպան»-ի մետալներ։
Հինգ պարգեւատրեալներն էին՝ օրդ. Հուրի Ազէզեան, տիկ. Անի Թոփճեան-Պարոնեան, տիկ. Զեփիւռ Պապիկեան-Աւագեան, օրդ. Ալին Բանոյեան եւ պր. Լեւոն Շառոյեան։ Այս հինգն ալ առ այսօր հայերէնաւանդ ուսուցչուհիներ են Հալէպի հայկական վարժարաններուն կամ հայագիտական հիմնարկին մէջ։
Յետպարգեւատրումի պաշտօնական արարողակարգին, մեծարեալներուն անունով խօսք առած է Լ. Շառոյեան՝ յիշեցնելով, որ Հայաստանի դեսպանատուներն ու հիւպատոսարանները արտասահմանի հայութեան համար հարազատ տուն մը դարձած են այլեւս։ «Մենք՝ ուսուցիչներս,- նշած է ան,- մէկ առաքելութիւն ունինք.- ծովամոյն ըլլալէ փրկել արեւմտահայերէնը։ Ամէն ճիգ վատնել, որպէսզի ապրի Մեծարենցներու, Վարուժաններու եւ Թէքէեաններու փայփայած լեզուն»:
Սրտաբուխ ելոյթ մը ունեցած է նաեւ Հ. Ազէզեան՝ շնորհակալութիւն յայտնելով հիւպատոսին ու հայրենի պետութեան, մանաւանդ ընդգծելով սփիւռքահայ իւրաքանչիւր անհատի հաւատքը Հայաստանի ապագայ վերելքին ու անոր նոր զարթօնքին նկատմամբ։