Երեքշաբթի, 10. 12. 2024

spot_img

Պոլսահայ Ստեփան Պալըքի Նուիրատուութեամբ Տնակի Մէջ Բնակող Վանաձորցի Նալպանտեաններու Ընտանիքը Բնակարան Ստացաւ

Գուգարաց թեմի առաջնորդ բարձրաշնորհ Տէր Սեպուհ արքեպիսկոպոս Չուլջեանի օրհնութեամբ տեղի ունեցած է «Ձեռք մեկնիր եղբօրդ» բարեգործական ծրագիրով գնուած 22-րդ բնակարանի յանձնման արարողութիւնը:

Սրբազան Հօր խնդրանքին ընդառաջ` բնակարանը գնուած է պոլսահայ Ստեփան Պալըքի կողմէ եւ իբրեւ նուէր յատկացուած Վանաձորի Ս. Փեթերսպուրկ տնակային աւանի մէջ բնակող Սուրէն Նալպանտեանի ընտանիքին` ի յիշատակ պոլսահայ Արմէն Պալըքի: Այս մասին կը յայտնեն  Գուգարաց թեմէն:

Նալպանտեան ընտանիքը բաղկացած է 5 անձէ: Ընտանիքին հայրը անյայտ է, աւագ որդին` երիտասարդ Սուրէնը եղբօր հետ իր ողջ մանկութիւնը անցուցած է  տնակային աւանի մէջ: Սուրէնը ներկայիս ամուսնացած է, ունի դուստր: Եղբայրը եւ մայրը եւս իրենց հետ կը բնակին փոքրիկ, նեղլիկ, կեցութեան տարրական պայմաններէ զուրկ 27 քառ. մեթր թիթեղաշէն տնակի մը մէջ: Սուրէնը տարբեր տեսակի աշխատանքներ կը կատարէ: Կինը եւս տարաբնոյթ աշխատանքներով կը խնամէ երեխան: Մայրը օրավարձով կը կատարէ թեքնիքական աշխատանք, Սուրէնին եղբայրը եւս:  Ընտանիքի հիմնական ապրուստի միջոցը 28,000 դրամ նպաստն է:

Շարունակական տնայցերէն, հանդիպումներէն ետք Սեպուհ սրբազանը յանձնախումբին հետ համախորհուրդ որոշած է այս ընտանիքին եւս ապահովել բաղձալի բնակարանով:

Օրերս Նալպանտեան ընտանիքի բոլոր անդամները սուրբ մկրտութեամբ որդեգրուած են մայր եկեղեցւոյ եւ որպէս Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ զաւակ` տօնած են բնակարանամուտը:  Սրբազան Հօր օրհնութեամբ` նոր յանձնուած բնակարանին մէջ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Օհան աւագ քահանայ Լուսարարեան կատարած է տնօրհնեաց արարողութիւն, որուն ընտանիքի անդամներէն զատ` ներկայ էին նաեւ «Ձեռք մեկնիր եղբօրդ» բարեգործական ծրագիրի յանձնախումբի անդամներ` Վանաձորի քաղաքապետարանի հոգաբարձութեան եւ խնամակալութեան յանձնաժողովի քարտուղար Լեռնուհի Գէորգեան, «Առաւօտ» ԲՀԿ տնօրէն Մարգարիտա Շահուերդեան, «Խաչուող ուղիներ» բհկ տնօրէն Կամօ Եգանեան, Ոստիկանութեան Վանաձորի Տարօնի բաժինի անչափահասներու գործերու բաժանմունքի պետ, փոխգնդապետ Ռուդիկ Վարոսեան, Գուգարաց թեմի ընկերային բաժինի աշխատակից Հռիփսիմէ Միրզոյեան:

Արարողութեան աւարտին` Սրբազան Հայրը եւ ներկաները շնորհաւորած են ընտանիքի անդամները: Սրբազան Հայրը երիտասարդ զոյգերուն յորդորած է աճիլ, ամրանալ եւ մեծ ընտանիք դառնալ եւ միաժամանակ յայտարարած, որ յառաջիկային կը յանձնուի եւս մէկ բնակարան` արդէն բազմազաւակ եւ դարձեալ տնակաբնակ մէկ ընտանիքի:

«Գուգարաց թեմի առաջնորդութիւնը սոցիալապէս անապահով ընտանիքներուն բնակարաններ յատկացնելու որեւէ պարտաւորութիւն չունի եւ օգտուելով առիթէն կրկին կը տեղեկացնենք մեր ազգաբնակչութեան առ այն, որ «Ձեռք մեկնիր եղբօրդ» ծրագիրով յատկացուած բնակարանները գնուած են առաջնորդ Սրբազանի կամաւոր յանձնառութեամբ եւ Միացեալ Նահանգներէն, Թուրքիայէն, Գերմանիայէն եւ Ռուսաստանէն անմիջական մտերիմ բարեկամներու ու ընկերներու անհատական նուիրատուութեամբ` իբրեւ խղճի պարտք, բացառութեամբ վանաձորաբնակ Սամուէլ Քալաշեանի, Նունէ Ղազախեցեանի եւ Մելսիդա Փարսադանեանի բնակարաններուն, որ նախորդ երկու տարիներուն գնուած է վանաձորաբնակ ազգաբնակչութեան հանգանակութեամբ»,- նշուած է Գուգարաց թեմի տարածած յայտարարութեան մէջ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին