Հանրապետութեան նախագահի նստավայրի տարածքին մէջ Յուլիս 17-ի երեկոյեան «Գուդրայք Ճոն» աստղասէրներու ՀԿ-ի կողմէ կազմակերպուած է սիրողական աստղադիտում` խումբ մը երեխաներու, ներառեալ` հաշմանդամ երեխաներու համար:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»ի յայտնած են ՀՀ նախագահի մամլոյ ծառայութենէն, նման նախաձեռնութեամբ ՀՀ նախագահի աշխատակազմին դիմած էր «Գուդրայք Ճոն» կազմակերպութիւնը, որ աստղադիտումներ եւ բաց դասեր կը կազմակերպէ` նպատակ ունենալով զարգացնել սիրողական աստղագիտութիւնն ու հետաքրքրութիւն արթնցնել այս գիտութեան նկատմամբ: Նախագահի աշխատակազմն ընդառաջած էր կազմակերպութեան խնդրանքին` հնարաւորութիւն ընձեռելով ձեռնարկը իրականացնել նստավայրի տարածքին մէջ:
Աստղադիտման մասնակիցներուն ընթացքին միացած է նաեւ նախագահ Արմէն Սարգսեան, զրուցած երեխաներուն եւ կազմակերպիչներուն հետ, կարեւոր համարած երեխաներուն մէջ մանուկ հասակէն գիտութեան նկատմամբ հետաքրքրութեան սերմանումը: