Կիրակի, 06. 07. 2025

spot_img

Հանրապետութեան Նախագահի Նստավայրին Մէջ Տեղի Ունեցած Է Նորանշանակ Դատաւորներու Երդման Արարողութիւնը

Երէկ Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ նախագահ Արմէն Սարգսեանի ներկայութեամբ տեղի ունեցած է ՀՀ Լոռիի մարզի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Արամ Մկրտչեանի, ՀՀ Գեղարքունիքի մարզի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Արմիտա Ոսկանեանի եւ ՀՀ Շիրակի մարզի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Իւան Բաղմանեանի երդման արարողութիւնը։ 

Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ նախագահի գրասենեակէն կը տեղեկացնեն, որ նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորած է նորանշանակ դատաւորները եւ յաջողութիւն մաղթած իրենց պատասխանատու աշխատանքին  մէջ: 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին