«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքը Լոս Անճելըսի «Melkonian Global Overture» ոչ հասութաբեր կազմակերպութենէն առատաձեռն նուիրատուութիւն մը ստացած է, որ պիտի յատկացուի այս ամառ «Զարմանազան» արեւմտահայերէնի ճամբարին մասնակցող երիտասարդներու ծախսերուն:
Տասը հազար տոլարի նուիրատուութիւնը պիտի տրամադրուի տարբեր երկիրներէ (Լիբանան, Յունաստան, Միացեալ Նահանգներ, Թուրքիա, Գանատա եւ Ֆրանսա) եկող 11 համալսարանական ուսանողներու արձանագրութեան ծախսերը փակելու:
Հայկական համայնքներու բաժանմունքը 2017-ին ձեռնարկեց «Զարմանազան» կրթական նախագիծին, որ բաժանմունքի արեւմտահայերէնի ամրապնդման ծրագիրին մաս կը կազմէ: Անիկա կը կազմակերպուի L՛association Mille et un Mondes-ի (Լիոն, Ֆրանսա) եւ Institut National des Langues et Civilisations Orientales-ի (INALCO) (Փարիզ, Ֆրանսա) գործակցութեամբ:
«Զարմանազան» ճամբարը վկայուած է Ֆրանսայի երիտասարդութեան եւ մարզանքի նախարարութեան կողմէ:
Այս տարի «Զարմանազան»-ը տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի Ալպեան լեռներու շրջանը 15 Յուլիսէն մինչեւ 9 Օգոստոս: Անոր պիտի մասնակցին 10-էն 15 տարեկան աւելի քան 50 պատանիներ եւ 16-էն 24 տարեկան 29 երիտասարդներ: Ճամբարը չորս երկիրներէ եկող 15 ուսուցիչներու յատուկ վարժընթացի բաժին մըն ալ պիտի ունենայ: Ամբողջ գործունէութիւնը հայերէնով կ’ընթանայ:
«Շատ երախտապարտ ենք այս աջակցութեան համար:Քաջալերական է տեսնել, որ նուիրատուները արդէն կ’ըմբռնեն «Զարմանազան»-ի արժէքը՝ իրենց նիւթական նպաստը բերելով, որպէսզի երիտասարդ տղաք եւ աղջիկներ ճամբարին կարենան մասնակցիլ»,- յայտնեց Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան։
««Զարմանազան»-ը հայերէնի ու հայ մշակոյթի փորձառութիւնը ապրելու նորարար, դրական ու ստեղծագործական հարթակ մըն է երիտասարդութեան համար: Որոշեցինք այս կրթաթոշակները տրամադրել՝ Գրիգոր եւ Կարապետ Մելգոնեաններու յիշատակին, ներշնչուելով անոնց բարեգործութենէն ու աշխարհասփիւռ հայերու կրթութեան օժանդակելու ցանկութենէն», յայտնեց «Melkonian Global Overture»-էն Արսինէ Շիրվանեան:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հաճեցէք այցելել https://gulbenkian.pt/armenian-communities կայքէջը: