Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Խնդիր Դրած Ենք Ապահովել Ընկերային Գետնի Վրայ Անապահով Քաղաքացիներու Բժշկական Ապահովագրութիւնը. Նիկոլ Փաշինեան

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մօտ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին քննարկուած են առողջապահութեան ոլորտին մէջ մատուցուող ծառայութիւններու հասցէականութեան եւ արդիւնաւէտութեան բարձրացման ուղղուած հարցեր: Այս մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

«Այսօրուայ մեր քննարկումը նուիրուած է առողջապահութեան ոլորտի ֆինանսաւորման խնդիրներին: Մեր խնդիրն է հասնել այնպիսի լուծումների, որպէսզի բուժման կարիք ունեցող ՀՀ ոչ մի քաղաքացի, այսպէս ասած, չմնայ հիւանդանոցների դռներին: Մենք այս խնդրի լուծման համար պէտք է հարցեր լուծենք երկու մակարդակում. առաջինը՝ առողջապահութեան ոլորտին յատկացուող գումարների ծախսման արդիւնաւէտութեան բարձրացումն է, երկրորդը, որը ռազմավարական խնդիր է, առողջապահութեան ապահովագրական համակարգի անցման ուղղութեամբ խնդիրների լուծումը, որպէսզի գործնականում պետութիւնը իւրաքանչիւր անգամ ստիպուած չլինի միջամտել անհատական դէպքերին եւ մենք ունենանք համակարգային լուծումներ, որոնք կ«աշխատեն ինքնաշխատ եղանակով: Ի հարկէ, հասկանալի է, որ սա պէտք է լրացուցիչ ծախսեր առաջացնի պետութեան համար, մեր խնդիրն է այդ ծախսերի ֆինանսաւորման ապահովումը: Սա մեր քաղաքական խնդիրն է ու պարտաւորութիւնը»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան՝ աւելցնելով, որ կառավարութեան խնդիրն է հասկնալ նշուած խնդիրի լուծման ուղիները եւ գտնել յստակ լուծումներ: «Առնուազն առաջիկայ փուլում խնդիր ենք դրել ապահովել սոցիալապէս անապահով քաղաքացիների բժշկական ապահովագրութիւնը, որպէսզի նրանք այդ բուժօգնութեան ամբողջական կամ որոշակի տրամաբանական փաթեթների նկատմամբ ունենան հասանելիութիւն»,- ընդգծած է վարչապետը:

Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան անդրադարձած է պետութեան մատուցած ծառայութիւններուն, առկայ խնդիրներուն ու անոնց լուծման հնարաւորութիւններուն, բժշկական օգնութեան ֆինանսաւորման համակարգերուն: Նախարարի խօսքով՝ ներկայիս տրամադրուած ֆինանսական միջոցներու պարագային հերթականութեան որոշ խնդիր կը ծագի, որ մեծ հարուած է այն քաղաքացիներուն համար, որոնց վիրահատութիւնը կամ բժշկական օգնութիւնը անհրաժեշտ է տուեալ պահուն: Ըստ իրեն՝ հերթերը պայմանաւորուած են միջոցներու սղութեամբ, զորս կը բաշխուին ըստ ամիսներու: Արսէն Թորոսեան ընդգծած է, որ այս պարագային առողջապահական ապահովագրութեան համակարգը կը դիտարկեն որպէս խնդիրի լուծման ամենաարդիւնաւէտ համակարգերէն մէկը, եւ աւելցուցած, որ պետական ծառայողներու համար այժմ գործող ապահովագրական համակարգը ընդհանուր առմամբ արդիւնաւէտ կը գործէ: Ան անհրաժեշտ համարած է դիտարկել ժամանակի ընթացքին ամբողջութեամբ ապահովագրական համակարգի անցնելու հարցը:

Այնուհետեւ խորհրդակցութեան մասնակիցները միտքեր փոխանակած են առողջապահութեան ոլորտի ֆինանսաւորման համակարգերու, աղբիւրներու յստակացման, ընկերային գետնի վրայ անապահով քաղաքացիներու առողջապահական խնդիրներու լուծման շուրջ: Գործադիրի ղեկավարը յանձնարարած է շահագրգիռ գերատեսչութիւններու ղեկավարներուն ներկայացուած առաջարկները անգամ մը եւս մանրամասն քննարկել եւ արդիւնքները ներկայացնել իրեն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին