Յուլիսին Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած Սմիթսոնեան «Ֆոլքլայֆ» փառատօնի այցելուները իւրայատուկ հնարաւորութիւն ունեցան Հայաստանին ծանօթանալու ոչ միայն ազգային կերակրատեսակներու, արհեստներու եւ երաժշտութեան, այլեւ արուեստագիտութեան միջոցով: Փառատօնին ներկայացուած «Վայոց ձոր» ելեկտրոնային գիրքը հնարաւորութիւն տուաւ մասնակիցներուն առցանց ճամբորդութիւն կատարելու Հայաստանի այդ գեղեցիկ մարզը, այցելելու պատմական վայրեր, հիանալու բնութեան տեսարաններով եւ ներշնչուելու տեղական մշակոյթով:
Ել. գիրքը թողարկուած է ՀԲԸՄ Հայկական վիրտուալ համալսարանի (ՀՎՀ) եւ ԱՄՆ ՄԶԳ կողմէ ֆինանսաւորուող Սմիթսոնեան հիմնարկի «Իմ Հայաստան» ծրագիրին կողմէ: Անիկա համապարփակ ուղեցոյց է Վայոց ձորի մասին` յագեցած բազմազան multimedia-ի միջոցներով` տեսանիւթերով, եռաչափ նկարներով ու համայնապատկերներով, ձայնագրութիւններով եւ քարտէսներով:
«ՀՎՀ-ն հպարտութեամբ կը համագործակցի Սմիթսոնեան հիմնարկին հետ` հաւատարիմ մնալով հայկական հարուստ ժառանգութիւնն աշխարհին ներկայացնելու իր առաքելութեան, եւ ես շատ ուրախ եմ, որ «Վայոց ձոր» ելեկտրոնային գիրքը կը ներկայացուի Ֆոլքլայֆ փառատօնի ընթացքին»,- ըսաւ ՀՎՀ հիմնադիր նախագահ Երուանդ Զօրեան: «Նոր ել. Գիրքին մէջ օգտագործուած են ստեղծարար եւ ժամանակակից լուծումներ` Վայոց ձորի բնական եւ պատմական հարստութիւնը, մարզի բազմազանութիւնը լաւագոյնս ներկայացնելու նպատակով: Գիրքը իր բովանդակութեամբ կը նպաստէ մարզին մէջ զբօսաշրջիկներու թիւի աճին»:
Բացի տարածաշրջանի պատմութեան, բնական վայրերուն, մշակոյթին եւ աւանդոյթներուն մասին գլուխներէն, գիրքը կը պարունակէ նաեւ հիւրանոցներու եւ ճաշարաններու տեղեկատու, ինչպէս նաեւ բառարանային յաւելուած` ճանապարհորդութիւնը հեշտ եւ հաճելի դարձնելու համար:
«Ելեկտրոնային գիրքի միջոցով մարդիկ կրնան բացայայտել որեւէ վայր, տան կամ հիւրանոցին մէջ ծանօթանալով ատոր` յստակ պատկերացնելով, թէ ո՛ւր կ’ուզեն ճամբորդել… Անիկա հիանալի միջոց է ճանապարհորդութիւնը նախապէս ծրագրաւորելու, ինչպէս նաեւ ճամբորդութեան ժամանակ օգտագործելու համար», – ըսաւ Սմիթսոնեան հիմնարկի «Իմ Հայաստան» ծրագիրի ներկայացուցիչ Սայմոն Ճոնսը:
«Ինչպէս ստեղծել ուղեցոյց» խորագիրով հանդիպման ընթացքին դոկտոր Երուանդ Զօրեան, Սայմոն Ճոնսը եւ գիտնական-փորձագէտներ Սաբրինա Փափազեան եւ Յարութիւն Մարութեան ներկայացուցին «Վայոց ձոր» ուղեցոյցի մշակման աշխատանքի մանրամասները:
Այս ամսուան սկիզբը «Վայոց ձոր» եւ Հայաստանի մասին ՀՎՀ-ի երկու այլ ելեկտրոնային գիրքերը` «Հայկական լեռնաշխարհ» եւ «Բացայայտենք Երեւանը», ցուցադրուեցան Պոսթընի, Նիւ Եորքի եւ Ուաշընկթընի մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկներու ընթացքին, որոնց նպատակն էր նպաստել Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան, ներառեալ` մշակութային զբօսաշրջութեան, զարգացման:
Ել. գիրքերը կարելի է անվճար ներբեռնել կամ դիտել ` այցելելով www.avc-agbu.org կայքէջ: