Երկուշաբթի, 11. 12. 2023

spot_img

Ուքրանիոյ Մէջ Բացուած Է Հայագիտական Նոր Կեդրոն Մը

Օդեսայի մէջ հիմնադրուած է «Օդեսայի հայագիտական կեդրոն» հասարակական նոր կազմակերպութիւն մը, որ պիտի ղեկավարէ Ուքրանացի ճանչցուած հայագէտ եւ հասարակական գործիչ Արմէն Պետոյեան:

«Հայերն այսօր»-ը, յղում կատարելով kievao.com.ua կայքէջին, կը յայտնէ, որ այս լուրը նորութիւն չէր ուքրանացի հայագէտներուն համար: Օդեսայի մէջ հայագիտութեան առանձին կեդրոն հիմնելու հարցը շատոնց հասունցած էր: Տասը տարիէն աւելի Արմէն Պետոյեան կը զբաղի Օդեսայի շրջանին մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանմամբ եւ հետազօտութեամբ: Ան կը համարուի ուքրանական առաջին մեծածաւալ «Խաչքարեր. հայկական մշակոյթի սրբազան յուշարձաններ» խորագիրով ցուցահանդէսի նախաձեռնողն ու կազմակերպիչը, որ մեծ յաջողութեամբ բացուած է Օդեսայի մէջ 2011 թուականին` քաղաքային իշխանութիւններու, հայկական համայնքի աջակցութեամբ եւ մասնակցութեամբ Յունաստանի, Պուլկարիոյ, Ռումանիոյ հիւպատոսական ներկայացուցչութիւններու եւ Քիեւի, Ղրիմի հայկական համայնքի ներկայացուցիչներու: Արմէն Պետոյեան  յայտնաբերած է Քիլիա քաղաքի 15-րդ դարու Սուրբ Նիքոլայ հայկական եկեղեցւոյ կորսուած տապանաքարերը, որոնք ժամանակին` 1849 թուականին նկարագրած է Մուրզակեւիչը, եւ Ղրիմի ճանչցուած պատմաբան-հայագէտ Տաթեւիկ Սարգսեանի հետ բացայայտած ատոնց  ծագումը:

Ըլլալով Օդեսայի մարզի մշակութային յանձնաժողովի անդամ` Արմէն Պետոյեան կ’իրականացնէ հասարակական մեծ աշխատանք: 2016 թուականին անոր նախաձեռնութեամբ այն շէնքին մէջ, ուր ապրած եւ ստեղծագործած է հայ մեծ բանաստեղծ Աւետիք Իսահակեանը, տեղադրուած է յուշատախտակ: Իսկ Գրականութեան թանգարանին մէջ կազմակերպուած է ցուցահանդէս, ուր ներկայացուած են թանգարանի արխիւին մէջ պահուող բանաստեղծի փաստաթուղթերը եւ գիրքերը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին