Չորեքշաբթի, 21. 05. 2025

spot_img

Հայաստանի Եւ Սփիւռքի Հայ Նկարիչներու Հերթական Համագործակցութիւնը

Վերջերս կայացած «The great masters of the portrait» միջազգային մրցոյթին մասնակցեցան ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Սփիւռքի հայ նկարիչները: Մրցոյթի նախապայմանն էր հայ երեխայի դիմանկարի պատկերում, որուն համար ընտրուեցաւ Էսթոնիա ապրող Արսինէն: Այս մրցոյթի գլխաւոր կազմակերպիչներէն էր Լիտիա Քոյֆման, որուն առաջարկով կը հրատարակուի  գիրք`  նուիրուած աշխարհի խաղաղութեան  եւ տարբեր ազգերու մէջ համերաշխութեան խորհրդանիշ դարձած փոքրիկ հայուհիի  վառ կերպարին:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը, հայկական մշակոյթը եւ արուեստը տարիներ շարունակ տարածում գտած են Հայաստանի  եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ եւ, ինչ խօսք, այս հրաշալի իրադարձութիւնը միջազգային դաշտի վրայ ոչ միայն կը  միաւորէ մեր հայ արուեստագէտները, այլեւ կը նպաստէ հարուստ փորձի փոխանակման` իրականութիւն դարձնելով մեր այն երազանքը, երբ մեր սիրելի արուեստագէտները փոխադարձ կապով կը բարձրացնեն հայ ազգի  փառքը  եւ  պատիւը:

Այս մրցոյթին բարձր եւ արժանի գնահատական ստացած են Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայ արուեստագէտներ` Փայլակ Վանիկեան, Քրիստինա Օգանեզովան, Լիլիթ Տօնականեան, Անի Հայրապետեան, Լիլիթ Եսայեան, Արսէն Քլեան, Անահիտ Քեշիշեան, Լիլիթ Մազմանեան: Սա շատ կարեւոր առիթ է միջազգային ասպարէզին մէջ մեր հայ արուեստագէտները միաւորելու համար: Յոյսով ենք` մեր արուեստագէտներու Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդումը կը նպաստէ մեր մշակոյթի եւ արուեստի, անոնց ստեղծագործական ունակութիւններու զարգացման:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին