Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Սադրանքներու Դէպքերը Լուրջ Կասկածի Տակ Կը Դնեն Պաքուի Յանձնառութիւնը Խաղաղութեան Գործընթացին. ՀՀ Վարչապետի Ելոյթը ՆԱԹՕ-ի Վեհաժողովին Ընթացքին

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի արտաքին յարաբերութիւններու գծով խորհրդական Արսէն Խառատեան իր դիմատետրի էջին կը նշէ, թէ ՆԱԹՕ-ի վեհաժողովին` օրուան երկրորդ կիսուն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան  վարչապետը հանդէս եկած է ելոյթով: «Ելոյթէն առաջ եւ ետք Նիկոլ Փաշինեան հանդիպումներ ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Եանս Սթոլթենպերկի, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի, Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրասի, Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի եւ Լիթուանիոյ նախագահ Տալիաս Կրիպաուսքայթէի հետ», գրած է ան:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ելոյթը ՆԱԹՕ-ի` Աֆղանիստանի մէջ վճռական աջակցութեան առաքելութեան նպաստող պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներու հանդիպումին ընթացքին.

«Յարգարժա՛ն վարչապետ Միշել,
Յարգարժա՛ն նախագահ Կանի,
Յարգարժա՛ն ընդհանուր քարտուղար,
Յարգելի՛ գործընկերներ,

Նախ, կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել վարչապետ Միշելին ջերմ հիւրընկալութեան համար: Աֆղանիստանի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան միջազգային ջանքերուն նուիրուած այս հաւաքին մասնակցիլը ինծի համար պատուաբեր է:

Խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը կենսական նշանակութիւն ունին կայուն զարգացման համար. այդպիսին են նաեւ ժողովրդավարութիւնն ու ազատ շուկայական տնտեսութիւնը: Ինչպէս գիտէք, Հայաստանը վերջերս ձեռնամուխ եղած է կտրուկ փոփոխութիւններու` իր ժողովրդավարական ապագան կերտելու նպատակով:

Հայաստանի մէջ թաւշեայ յեղափոխութեան յաղթանակը Հայաստանի հասարակութեան հասունութեան յստակ դրսեւորումն էր, մարդու իրաւունքներուն եւ հիմնարար ազատութիւններուն անոր  յանձնառութեան գրաւականը:

Տիկնայք եւ պարոնայք,

Այսօրուան հաւաքը վերստին կարեւոր կը նկատէ միջազգային անվտանգութեան խնդիրները եւ այդ հարցով առկայ հաւաքական մօտեցումը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը: Բոլորս կը համախմբէ ամուր հաւատքն ու պատրաստակամութիւնը` խաղաղութիւն, անվտանգութիւն եւ կայունութիւն բերելու Աֆղանիստանի բարեկամ ժողովուրդին:

Մենք բարձր կը գնահատենք Աֆղանիստանի կառավարութեան` պետականաշինութեան եւ անվտանգութեան մակարդակը բարձրացնելու ջանքերը: Ատիկա կարելի պիտի չըլլար առանց Աֆղանիստանի ժողովուրդին, բանակին եւ անվտանգութեան ուժերու անմնացորդ նուիրուածութեան եւ զոհողութեան: Այնուամենայնիւ, տակաւին շատ ընելիքներ կան, որպէսզի յառաջընթացը անշրջելի դառնայ:

Իբրեւ հաւաքական անվտանգութեան ջատագով, Հայաստանը պիտի շարունակէ նպաստել միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման ջանքերուն:

Խաղաղ գործընթացը կը պահանջէ կառուցողական մօտեցում եւ բոլոր կողմերու դիրքորոշումներու քննարկում: Հետեւաբար, մենք պէտք է համախմբենք միջազգային հանրութեան ջանքերը` բացառապէս խաղաղ լուծման հասնելու համար, որ շատ կարեւոր է եւրոպական անվտանգութեան համար ընդհանուր առմամբ:

2010-էն ի վեր Հայաստանը նպաստած է Աֆղանիստանի մէջ ՆԱԹՕ-ի կողմէ իրականացուող խաղաղութեան հաստատման գործողութեան, նախ` Միջազգային անվտանգութեան աջակցութեան ուժեր գործողութեան (ԻՍԱՖ), այնուհետեւ` «Վճռական աջակցութիւն առաքելութեան» շրջագիծին մէջ: Մենք կը գնահատենք արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ, ինչ որ, իմ կարծիքովս, ՆԱԹՕ-ի անդամ եւ գործընկեր պետութիւններու միջեւ գործընկերութեան լաւագոյն եւ ամէն վառ օրինակներէն է:

Մենք պատրաստ ենք շարունակելու առաքելութեան մեր ներգրաւուածութիւնը մինչեւ 130 հոգինոց զօրախումբով: Մենք նաեւ յայտնած  ենք մեր պատրաստակամութիւնը` մասնակցելու ՆԱԹՕ-ի Կայուն գործընկերութեան առաքելութեան, երբ անիկա գայ փոխարինելու Կայուն աջակցութիւն առաքելութիւնը:

Հայաստանը պիտի շարունակէ աջակցիլ Աֆղանիստանի գլխաւորութեամբ եւ Աֆղանիստանի մասնակցութեամբ իրականացուող ներառական խաղաղութեան գործընթացին: Կ՛ուզեմ անգամ մը եւս շեշտել, որ մենք պիտի շարունակենք աջակցիլ բարեկամ  Աֆղանիստանի մէջ համակողմանի խաղաղութիւն, բարգաւաճում եւ կայունութիւն հաստատելուն միտուած միջազգային ջանքերուն:

Քանի որ խօսք եղաւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մասին, ստիպուած եմ անդրադառնալու նաեւ այդ տագնապի լուծման, թէեւ այս հարցը անհամատեղելի է սոյն քննարկումներու ձեւաչափին հետ, քանի որ այս հաւաքը այլ նպատակներ կը հետապնդէ: ՆԱԹՕ միշտ եւ հետեւողականօրէն յայտարարած է, որ այդ տագնապին լուծման գործին մէջ որեւէ դերակատարութիւն չունի:

Այնուամենայնիւ, քանի որ հարցը արդէն բարձրացած է, ես կ՛ուզէի  հակիրճ մեկնաբանել եւ ճշդումներ մտցնել կատարուած յայտարարութեան բնագիրին մէջ:

Հայաստանը, ինչպէս որեւէ ժողովրդավարական երկիր, կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափով: Այս տագնապը զինուորական  ճամբով լուծելու որեւէ փորձ պէտք է դիտարկել իբրեւ յարձակում ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ խաղաղութեան դէմ:

Վերջերս Հայաստանի հետ սահմանին եւ Լեռնային Ղարաբաղի հետ շփման գիծին մէջ Ազրպէյճանի կողմէ հրահրուած զինադադարի խախտման եւ սադրանքներու դէպքերը լուրջ կասկածի տակ կը դնեն  Պաքուի յանձնառութիւնը խաղաղութեան հոլովոյթին: Մենք կը վերահաստատենք ձեռք բերուած նախորդ պայմանաւորուածութիւններու իրականացման կարեւորութիւնը, յատկապէս Վիեննայի, Ս. Փեթերզպուրկի եւ Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներու ժամանակ ձեռք բերուածները, որոնք, ի շարս  այլոց, ուղղուած են խաղաղութեան համար նպաստաւոր պայմաններու  ստեղծման եւ վստահութեան ամրապնդման միջոցառումներու  իրականացման»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին