Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

«Ջիւանիի Օր» Տօնակատարութիւնը՝ Անզուգական Հնչիւններով Եւ Նոր Երանգներով

Վրաստանի Ախալքալաքի շրջանի Կարզախ գիւղին մէջ Յուլիս 7-ին մեծ շուքով նշուեցաւ Ջաւախքի մշակութային օրացոյցին մէջ արդէն աւանդոյթ դարձած եւ ամենասպասուած տօներէն մէկը՝ Ջիւանիի օրը:

Տօնակատարութեան ներկայ էին Վրաստանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռուբէն Սադոյեան, ՀՀ սփիւռքի փոխնախարար Դաւիթ Սարգսեան, Սամցխէ-Ջաւախեթիի նահանգապետ Կախա Սամխարաձէ, Ախալքալաքի քաղաքապետ Եուրիկ Ունանեան, շրջանային ժողովի նախագահ Նայիրի Իրիցեան, Վրաստանի խորհրդարանի պատգամաւորներ Հենզել Մկոյեան եւ Սամուէլ Մանուկեան, «Ջաւախքին աջակցութիւն» հիմնադրամի (ՋԱՀ) հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Սօս Սահակեան եւ գործադիր տնօրէն Աշոտ Յակոբեան, հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներ, բազմաթիւ հիւրեր Վրաստանէն, Ռուսիայէն, Հայաստանէն, ջիւանասէրներ եւ կարզախցիներ:

Այս տարի ձեռնարկը կազմակերպուեցաւ Ախալքալաքի տեղական իշխանութիւններուն եւ ՋԱՀ-ի հիմնադրած Աշուղ Ջիւանիի տուն-թանգարանի գործընկերութեամբ:

«Ջիւանիի օր» տօնակատարութիւնը իր անզուգական կատարումներով գեղեցկացուց «Սայաթ-Նովա» աշուղական երգի վաստակաւոր համոյթը՝ ՀՀ ժողովրդական արտիստ Թովմաս Պօղոսեանի գլխաւորութեամբ, հնչեցին Ջիւանիի եւ այլ աշուղներու սիրուած երգեր, ինչպէս նաեւ իր կատարումներով հանդէս եկաւ մեր ժամանակներու սիրուած Աշուղ Լէյլին: Համերգային ծրագիրոով ելոյթ ունեցան նաեւ Կարզախի «Ջիւանի»-ի անուան պարի համոյթը, «Ջաւախք» ժողովրդական երգի-պարի համոյթը, Դամալա գիւղի պարախումբը, Միւնիխի «Անուշ» պարախումբը, ժողովրդական երգիչ Արմէն Մկոյեանը եւ այլ կատարողներ:

«Սայաթ-Նովա» աշուղական երգի վաստակաւոր համոյթի, Գերմանիայէն Հայաստան ժամանած Միւնիխի «Անուշ» պարախումբի եւ Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի երիտասարդ երաժիշտներու մասնակցութիւնը տօնակատարութեան ապահոված է «Ջաւախքին աջակցութիւն» հիմնադրամը:

ՋԱՀ-ը պիտի շարունակէ ընդլայնել Ջաւախքի մէջ մշակոյթի պահպանման ու զարգացման ուղղուած ծրագիրներու իրականացումն ու աջակցութիւնը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին