Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Լեռնային Ղարաբաղը Երբեք Չէ Եղած Եւ Չի Կրնար Ազրպէյճանի Կազմին Մէջ Ըլլալ. Շարմազանով

ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալ Էդուարդ Շարմազանովը Յուլիս 9-ին հանդիպած է Ռուսաստանի Դաշնութեան Դաշնային ժողովի Դաշնութեան խորհուրդի միջազգային հարցերով կոմիտէի նախագահի տեղակալ Ռաֆայիլ Զինուրովի հետ:

Հանդիպումի ընթացքին կողմերը կարեւորած են հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւնները եւ պատրաստակամութիւն յայտնած աշխոյժ մասնակցութիւն ունենալ երկկողմ կապերու աւելի ամրապնդման գործին մէջ: Նշուած է, որ հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններու խորացումը կը բխի երկու երկիրներու շահերէն: Էդուարդ Շարմազանովը ընդգծած է Ռաֆայիլ Զինուրովի անձնական ներդրումը երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու միջեւ յարաբերութիւններու խորացման հարցին մէջ:

Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ ԱԺ լրատուութեան եւ հանրային կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ ԱԺ փոխնախագահը անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման եւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման խնդիրին: Ան վերահաստատած է հակամարտութիւնը բացառապէս խաղաղ ճամբով եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան շրջանակին մէջ կարգաւորելու հայկական կողմի դիրքորոշումը, ինչ որ չընդունուիր Ազրպէյճանի կողմէ: Այս թեմայի լոյսին տակ Էդուարդ Շարմազանովը մտահոգիչ համարած է վերջին օրերուն ռուս որոշ պաշտօնեաներու հակահայ յայտարարութիւնները, որոնք, ըստ իրեն, չեն համապատասխաներ հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններու ոգիին:

«Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին անվտանգութեան ապահովման երաշխաւորն է: Լեռնային Ղարաբաղը երբեք չէ եղած եւ չի կրնար Ազրպէյճանի կազմին մէջ ըլլալ: Տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման հարցի գծով Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը իրական սպառնալիք են»,- նշած է ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալը:

Ռաֆայիլ Զինուրովը իր հերթին կարեւորած է հայկական կողմի ջանքերը՝ ուղղուած ԼՂ հիմնախնդիրի խաղաղ բանակցութիւններու ճամբով կարգաւորման: Իր խօսքով՝ Հայաստանի նպատակը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցի գծով միջազգային ասպարէզին մէջ հաստատակամ աշխատանքը պէտք է ըլլայ:

Էդուարդ Շարմազանովը առաջարկած է ռուս գործընկերներուն հետ քննարկել ՌԴ Դաշնութեան խորհուրդի եւ պետական տումայի մէջ ՄԱԿ-ի գլխաւվոր մարմինի կողմէ «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին» հրամանագիրի ընդունման 70-ամեակին նուիրուած «Խորհրդարանականները ընդդէմ ցեղասպանութիւններու» խորագրով ցուցահանդէսի կազմակերպման նպատակայարմարութեան հարցը: Ռաֆայիլ Զինուրովը հարցը քննարկելու պատրաստակամութիւն յայտնած է:

Հանդիպումի աւարտին, Ռաֆայիլ Զինուրով Էդուարդ Շարմազանովին նուիրած է իր հեղինակած գիրքը՝ «Հայաստանի նոր եւ նորագոյն պատմութեան ակնարկներ» խորագրով: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին