Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնը Վոլֆկանկ Ամադէուս Մոցարթի «Կախարդական սրինգ» օփերան պիտի ներկայացնէ Տուպայի եւ Քուէյթի մէջ: Թատրոնի արտասահմանեան հիւրախաղերէն ետք՝ բեմադրութիւնը վայելելու հնարաւորութիւն պիտի ստանայ հայ երաժշտասէրը: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։