Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

ՀՀ Վարչապետի Մասնակցութեամբ Ամուլսարի Շուրջ Քննարկման Իբրեւ Արդիւնք Կողմերը Չյաջողեցան Ընդհանուր Յայտարարի Գալ

Ջերմուկ քաղաքին մէջ, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի նախաձեռնութեամբ, Ամուլսարի հանքը շահագործող «Լիդիան Արմէնիա» ընկերութեան եւ շահագործման դէմ բողոքող քաղաքացիներու հանդիպման ընթացքին կողմերը չյաջողեցան ընդհանուր յայտարարի գալ:

ՀՀ վարչապետը, ըստ Armenpress.am-ի, կ՝առաջարկէր ժամանակ տրամադրել կառավարութեան ստուգումներ իրականացնելու համար, որմէ ետք արդէն հանքի շահագործումը կա՛մ պիտի վերսկսի, կամ այլ որոշում մը պիտի կայացուի՝ կախուած արդիւնքներէն: Սակայն ցուցարարները կը պնդէին, որ այդ ընթացքին հանքը պէտք չէ  շահագործուի. «Լիդիան Արմէնիա» ընկերութեան ներկայացուցիչները անընդունելի համարեցին այս տարբերակը: Հանդիպումը աւարատեցաւ առանց որեւէ համաձայնութեան, ցուցարարները յայտնեցին, որ պիտի շարունակեն ցոյցերը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին