Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Կեդրոնական Դրամատունը Վարչապետին Ներկայացուցած Է Տնտեսական Աճի Կանխատեսումին Եւ Հարկային Բարեփոխումներու Վերաբերեալ Իրականացուած Ուսումնասիրութիւնները

ՀՀ Կեդրոնական դրամատան Դիլիջանի ուսումնահետազօտական կեդրոնին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ կառավարութեան անդամներուն ներկայացուած են ԿԴ-էն կողմէ իրականացուած շարք մը ուսումնասիրութիւններ տնտեսական աճի կանխատեսումին, դրամավարկային քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւններուն, ինչպէս նաեւ ֆինանսական կայունութեան հեռանկարներուն, հարկային բարեփոխումներուն եւ անոնց մանրատնտեսական հետեւանքներուն ու պետական կառավարման համակարգի բարեփոխումներուն վերաբերեալ։ Այս մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Այնուհետեւ վարչապետը շրջայց կատարած է ուսումնահետազօտական կեդրոնը, ծանօթացած է այդտեղ ստեղծուած աշխատանքային պայմաններուն եւ կեդրոնի գործունէութեան:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին