«ԵՄ-ն գործարարութեան համար» նախաձեռնութիւնը Հայաստանի մէջ կը սկսի նոր նախագիծ մը՝ նպատակ ունենալով բարձրացնել փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններու մրցունակութիւնը Հայաստանի եւ Արեւելեան գործընկերութեան այլ երկիրներու մէջ: Ըստ Armenpress.am-ի՝ նախագիծին նպատակն է օգնել այս երկիրներուն կապուելու միջազգային եւ Եւրոմիութեան շուկաներու հետ:
«ԵՄ-ը գործարարութեան համար» նախաձեռնութիւնը պաշտօնապէս սկսած է գործել 2018-ից՝ համագործակցելով Հայաստանի փոքր եւ միջին ձեռնարկատիրութեան զարգացման կեդրոնին հետ:
ԵՄ արտահանման ներուժի խթանման համար առաջնահերթութիւն կու տայ վերամշակուած, նաեւ չորցուած միրգերուն եւ բանջարեղէնին, բուսական թէյին:
Հարցման արդիւնքները ցոյց տուած են, որ հարցուած ընկերութիւններուն 25 տոկոսը արդէն կ՝արտահանէ ԵՄ երկիրներ, իսկ 32 տոկոսը հետաքրքրուած է ԵՄ շուկայ մուտք գործելով: