Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Վարչապետը Հանդիպած Է Ամուլսարի Հանքի Շահագործման Դէմ Բողոքող Քաղաքացիներուն Եւ «Լիդիան Արմէնիա»-ի Ներկայացուցիչներուն

Յուլիս 6-ին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Կապանէն ուղեւորուած է Ջերմուկ: Վարչապետը ուղղաթիռով Հայկական բնապահպանական ճակատի ներկայացուցիչ Լեւոն Գալստեանի ու «Լիդիան Արմէնիա» ընկերութեան  գործադիր տնօրէն Հայկ Ալոյեանի հետ հետեւած է Ամուլսարի հանքի շահագործման ուղղութեամբ իրականացուած աշխատանքներուն, այնուհետեւ Քեչութ համայնքի մէջ հանդիպած է Ամուլսարի հանքի շահագործման դէմ բողոքող բնակիչներուն եւ բնապահպաններուն, լսած անոնց կարծիքներն ու դիտարկումները: Նիկոլ Փաշինեան ըսած է, որ այցը ունի փաստահաւաք նշանակութիւն: Հանդիպումի ընթացքին վարչապետը առաջարկած է հանդիպում իրականացնել բողոքող ցուցարարներուն եւ հանքը շահագործող «Լիդիան Արմէնիա» ընկերութեան ներկայացուցիչներուն հետ, լսած մէկզմէկու դիրքորոշումներն ու յանգած որոշումներու, ինչին կողմերը դրական արձագանգած են: Այս մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Այնուհետեւ հանդիպումը շարունակուած է Ջերմուկի մէջ: Վարչապետ Փաշինեան նշած է, որ հանքի շահագործման գործընթացը սկսած է 12 տարի առաջ, եթէ բոլոր գործընթացները տեղի ունենային գործող կառավարութեան օրօք, ինք չէր ցանկար, որ այսպիսի հանք գոյութիւն ունենար Ջերմուկի մօտակայքը: «Ունենք իրավիճակ, երբ կատարուել է ահռելի ծաւալի ներդրում, որը, ըստ օրէնքի, տեղի է ունեցել ՀՀ կառավարութեան թոյլտուութեամբ, յամենայնդէպս, գոնէ այս պահին չունենք տեղեկատուութիւն, որ ինչ-որ կարգ է խախտուել: Հանքի շահագործման հետ կապուած սկսուել են ստուգումներ, որոնք կը շարունակուեն: Պէտք է պատասխանենք երկու հարցի. առաջին՝ պարզել հանքի հնարաւոր ազդեցութիւնը ջրային ռեսուրսների վրայ, երկրորդը՝ պարզել հանքի հնարաւոր շահագործման ազդեցութիւնը Ջերմուկի՝ որպէս առողջարանային քաղաք զարգացման վրայ»,- ըսած է վարչապետը:

Նիկոլ Փաշինեան յիշեցուցած է, որ հանքի հետ կապուած որոշումները պէտք է հիմնուած ըլլան բացառապէս փաստերու եւ ոչ թէ զգացումներու վրայ: Կառավարութեան ղեկավարի խօսքով՝ զգացական որոշումները պետական կառավարման համակարգին մէջ այնքան ալ օգտակար չեն եւ առկայ է իրաւական վիճակ, որուն իւրաքանչիւր հանգուցալուծում ունի իր հաւանական զարգացումները: «Եթէ մենք այս իրավիճակում որեւէ ապօրինութիւն թոյլ տանք, գոնէ միջազգային յարաբերութիւնների տեսակէտից կարող ենք շատ բարդ խնդիրների առաջ կանգնել:

Պէտք է հասկանանք հետեւեալը՝ համաձայն ենք արդեօք ի գիտութիւն ընդունել փորձագիտական պատասխանները վերը նշուած հարցերի շուրջ: Ցանկացած որոշում պէտք է կայացնենք փաստերի հիման վրայ: Յոյս ունեմ, որ ներկաները համոզուած են, որ մենք, եւ կոնկրետ ես, այս հարցում չունենք ոչ մի այլ շահագրգռութիւն՝ բացի Հայաստանի հաւասարակշռուած շահը»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:

Վարչապետը առաջարկած է վերոնշեալ երկու հարցերուն շուրջ պետութեան, բնապահպաններու եւ «Լիդիան Արմէնիա» ընկերութեան ներկայացուցիչներու ներգրաւմամբ ստեղծել եռակողմ վստահելի համակարգ, որպէսզի անոնց վերաբերեալ  ըլլայ վերջնական ու անառարկելի պատասխան: Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է, որ իր կարծիքը պէտք է ձեւաւորուի այս երկու հարցերու փորձագիտական, հիմնաւորուած եւ ապացուցուած պատասխաններու վրայ. իւրաքանչիւր որոշում ունի իր գինը եւ ինքը չի կրնար առանց հիմքի որեւէ որոշում կայացնելու մասին մտածել:

Վարչապետի առաջարկին հետ կապուած բողոքող քաղաքացիները նշած են, որ պատրաստ են նման համակարգ ստեղծել, եթէ «Լիդիան Արմէնիա»-ն ուսումնասիրութեան ընթացքին դադրեցնէ գործունէութիւնը:  

Իր հերթին, «Լիդիան Արմէնիա»-ի ներկայացուցիչները նշած են, որ նոյնպէս պատրաստ են ընդունելու վարչապետի առաջարկը, սակայն իրենց համար ընդունելի չէ այդ ընթացքին գործունէութիւնը կասեցնելու առաջարկը: Տեղի ունեցած քննարկումներէն ետք վարչապետ Փաշինեան ընդգծած է, որ պետութիւնը կը հաւաքագրէ հանքի շահագործման հետ բոլոր փաստերն ու կ’արտայայտէ իր դիրքորոշումը:

Վերադարձի ճամբուն, Գնդեվազի մօտ վարչապետը զրուցած է իրեն հետ հանդիպելու նպատակով ճանապարհին կանգնած գնդեվազցիներու հետ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին