Ընդառաջելով Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապի հրաւէրին` երէկ երեկոյեան Վեհափառ Հայրապետը Մարոնիթ եկեղեցւոյ Ռաաի պատրիարքին հետ յատուկ օդանաւով մեկնեցաւ Իտալիա՝ մասնակցելու համար Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան առնչուած հաւաքին։ Յիշեալ հաւաքը տեղի պիտի ունենայ Իտալիոյ հարաւը գտնուող Պարի քաղաքին մէջ։
Վեհափառ Հայրապետը Մայրավանք պիտի վերադառնայ Կիրակի, 8 Յուլիս 2018-ին։