Շաբաթ, 14. 12. 2024

spot_img

Հայ Ժողովրդական Կուսակցութեան Ղեկավար Միքայէլ Պապաջանեանի Հասարակական-Քաղաքական Գործունէութիւնը

ՊԷՅՐՈՒԹ, ԶԱՐԹՕՆՔ: Յառաջիկայ Երկուշաբթի օրուընէ սկսեալ եւ յաջորդական թիւերու մէջ «Զարթօնք»ի մեր սիրելի ընթերցողներուն ուշադրութեան պիտի  յանձնենք Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան Հիմնարկի Թեկնածուականի համար ներկայացուած անտիպ թեզ մը՝ նուիրուած Հայ Ժողովրդական Կուսակցութեան հիմնադիրներէն, Ի. դարասկիզբի հայ քաղաքական փայլուն դէմք, պետական գործիչ Միքայէլ Պապաջանեանի 1900ականներէն մինչեւ 1920ականներու աւարտը երկարող ժամանակահատուածի կենսագործունէութեան:

Այս ժամանակաշրջանը կը զուգադիպի հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամէնախառն, ամէնաճակատագրական հանգրուանին՝ իր յոյսերով ու հիասթափութիւններով, խոստումներով ու խաբէութիւններով, պարտութիւններով ու յաջողութիւններով յատկանշուող եւ իրար խաչաձեւող ու միահիւսուող վերիվայրումներով:

Թեզը հետազօտութիւնն է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Արխիւի վաստակաշատ արխիւագէտ Գոհար Աւագեանի, որ պատմական գիտութիւններու թեկնածուի գիտական աստիճանի ներկայացուցած է այս ուսումնասիրութիւնը 2009ին, գիտական ղեկավար ունենալով դոկտոր փրոֆեսոր Հ.Մ. Յարութիւնեանը:

Հաճելի ընթերցում բարեմաղթելով, մեր սիրելի ընթերցողներուն ուշադրութիւնը կը հրաւիրենք նիւթին պատմական ժամանակաշրջանին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան հարիւրամեակի այս օրերուն, ընդգծելով որ հարիւրամեակ մը առաջ մեծ երկունքէ ետք ծնունդ առած Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան այդ դժնդակ օրերուն, անոր նախորդած կովկասահայ քաղաքական վերիվայրումներուն եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան յաջորդած սփիւռքահայ առաջին տասնամեակի քաղաքական խառնիճաղանջին պէտք է նայիլ եւ գնահատել սթափ, տեսնել կարմիր թելի պէս անցնող պատմաքաղաքական տրամաբանութիւնը, պետական հասուն բանականութիւնը, քաղաքական ճգնաժամերուն եւ մարտահրաւէրներուն նայելու առարկայական սառնասրտութեամբ, գուցէ եւ տեսնելու մերօրեայ զուգահեռներ, եւ անպայման քաղել համապատասխան իմաստուն դասեր:

«Խմբ.»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին