ՀՀ ԱԺ նախագահ Արա Պապլոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Քուեպէքի մէջ Յուլիս 5-ին մասնակցած է Ֆրանքոֆոն խորհրդարաններու նախագահներու համաժողովի աշխատանքներուն:
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ ԱԺ լրատուութեան եւ հանրային կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ Արա Պապլոյեան ելոյթ ունեցած է «Ինչպէս բարելաւել հասարակութեան ներկայացուածութիւնը ֆրանքոֆոն խորհրդարաններուն մէջ» թեմայի ծիրին մէջ` նշելով.
«Հայաստանը հպարտ է ֆրանքոֆոն մեծ ընտանիքին իր պատկանելիութեամբ, որուն հետ կը կիսէ մարդասիրութեան եւ համերաշխութեան արժէքները:
Մենք կը սատարենք Ֆրանքոֆոնիայի անդամ պետութիւններու այն քայլերը, որոնք միտուած են մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, կանանց ու տղամարդկանց միջեւ հաւասարութեան ապահովման, ժողովրդավարութեան հիմնարար արժէքներու պահպանման, երիտասարդութեան դերի բարձրացման:
Հայաստանի քաղաքական եւ հասարակական կեանքի գրեթէ բոլոր ոլորտներուն մէջ կանանց դերը տարուէ-տարի կը մեծնայ: 2016-ի Մայիս 25-ին ընդունուած ընտրական օրէնսգիրքին մէջ յստակ ամրագրուած է, որ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցող քաղաքական բոլոր կուսակցութիւններու կամ դաշինքներու համամասնական ցուցակներու իւրաքանչիւր հնգեակին մէջ պէտք է առնուազն մէկ կին ըլլայ, ինչի արդիւնքով խորհրդարանին մէջ կանանց ներգրաւուածութիւնը զգալի է: 6-րդ գումարման Ազգային ժողովի 105 պատգամաւորներէն 18-ն կին են, որոնք աշխուժօրէն կը մասնակցին խորհրդարանական բոլոր քննարկումներուն:
Ազգային ժողովի երեք փոխնախագահներէն մէկը կին է, որ նաեւ ԵԽԽՎ-ի մէջ հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավարն է եւ նախապէս զբաղեցուցած է ՀՀ արդարադատութեան նախարարի պաշտօնը:
Ընտրական օրէնսգիրքով Հայաստան բնակող ազգային փոքրամասնութիւններուն հնարաւորութիւն ընձեռնուած է ներկայացուած ըլլալ Ազգային ժողովին: 6-րդ գումարման խորհրդարանին մէջ աթոռ ստացած ազգային փոքրամասնութիւններու 4 ներկայացուցիչներ: ՀՀ ԱԺ առաջին նստաշրջանի առաջին նիստը վարած է քրտական համայնքի ներկայացուցիչը:
Ֆրանքոֆոնիան իւրայատուկ համագործակցութեան հարթակ է հայ երիտասարդներուն համար: Ֆրանքոֆոն աշխարհը, բարձր գնահատելով երիտասարդներու դերը եւ նշանակութիւնը, ամէն կերպ կը փորձէ խրախուսել եւ աջակցիլ անոնց նախաձեռնութիւններուն:
2016-ին Ֆրանքոֆոնիայի խորհրդարանական վեհաժողովին ՀՀ ԱԺ պատուիրակութեան ղեկավար Մարգարիտ Եսայեանի նախաձեռնութեամբ եւ աջակցութեամբ հիմնադրուած է խորհրդարանին կից գործող Հայաստանի Ֆրանքոֆոն երիտասարդական խորհրդարանը:
Ժողովրդավարական հիմնարկներու կատարելագործման, քաղաքացիական հասարակութեան ձեւաւորման նպաստելու համար մեր երկիրը մշտապէս երիտասարդներուն մասնակից դարձուցած է օրինաստեղծ աշխատանքներուն, օգնել երիտասարդ ղեկավարներու կայացման, ինչի վառ ապացոյցն է 2004-ին ձեւաւորուած Երիտասարդական խորհրդարանը»:
Պատուիրակութիւնը մասնակցած է նաեւ Ֆրանքոֆոն խորհրդարաններու նախագահներու եւ խորհրդարաններու գլխաւոր քարտուղարներու համատեղ աշխատանքային հանդիպումին:
ՀՀ ԱԺ նախագահի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մէջ է ՖԽՎ-ի մէջ ՀՀ ԱԺ պատուիրակութեան ղեկավար Մարգարիտ Եսայեանը: