Երեքշաբթի, 10. 12. 2024

spot_img

Մեր Նոր Սերունդի Առաքելութիւնը Հայրենիքի Մէջ Ապրիլն Ու Արարելը Պէտք Է Ըլլայ. Էդուարդ Շարմազանով

ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալ Էդուարդ Շարմազանով Յուլիս 4-ին հանդիպում ունեցած է Երեւանի պետական համալսարանի եւ Մ.Վ. Լոմոնոսովի անուան Մոսկուայի պետական համալսարանի Երեւանի մասնաճիւղի ուսանողներուն հետ, որոնք ներկայիս փորձուսում կ’անցընեն խորհրդարանին մէջ:

Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ ազգային ժողովի հանրային կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ հանդիպումին անդրադարձ կատարուած է մասնաւորապէս Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման խնդիրին, արտաքին քաղաքական օրակարգի առաջնահերթութիւններուն, կառավարութեան գործունէութեան:

Ըստ ՀՀ ԱԺ փոխնախագահի՝ մեր պետութեան մեծագոյն խնդիրը այն է, որ հնարաւորութիւնները մի քանի անգամ աւելի քիչ են, քան երկրի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները: Այս թեմայի լոյսին տակ Էդուարդ Շարմազանով կարեւորած է Արցախի հիմնախնդիրի կարգաւորման հարցին մէջ քաղաքական բոլոր ուժերու միասնական ու համախմբուած գործունէութիւնը, ինչ որ մշտապէս իրականացուած է արտաքին քաղաքական հարթակներուն վրայ:

«Ես պատրաստ եմ աջակցելու մեր երկրի իշխանութիւններու այն նախաձեռնութիւններուն, որոնք կը յանգեցնեն ԼՂ հիմնահարցի հայանպաստ ու արդար լուծումին»,- ըսած է խորհրդարանի փոխխօսնակը:

Էդուարդ Շարմազանով կարեւորած է հայապահպանութեան միտուած ծրագիրներու իրականացումը, երկրին մէջ անհանդուրժողականութեան մթնոլորտի վերացումը եւ իրարու հանդէպ յարգանքի ու սիրոյ առկայութիւնը:

«Մեր նոր սերունդի առաքելութիւնը պէտք է ըլլայ ապրիլ ու արարել հայրենիքի մէջ: Հայաստանը առանձնայատուկ երկիր է, եւ պատահական չէ, որ 1915 թուականին Ցեղասպանութիւն տեսած հայ ժողովուրդը երեք տարի ետք թուրք զաւթիչներուն դէմ հերոսական յաղթանակ տարաւ Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի մէջ»,- ընդգծած է ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալը: 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին