Երեքշաբթի, 10. 12. 2024

spot_img

«Together4Armenia» Հարթակը Կը Միաւորէ 14 Երկիրներէ 62 Սփիւռքահայ Մասնագէտներ

Հայաստանի մէջ Եւրոպական միութեան պատուիրակութիւնը եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Դաւիթ Սարգսեանին հետ միասին, Յունիս 27-ին ներկայացուցին «Together4Armenia» («Միասին՝ յանուն Հայաստանի») հարթակին նոր ձեւաչափով վերարտադրուած տարբերակը (www.Together4Armenia.am):  Նորացուած հնարաւորութիւններով սոյն հարթակին նպատակը աշխարհի տարբեր երկիրներ բնակող հայ փորձագէտներուն եւ Հայաստանի համայնքներուն ու հասարակական կազմակերպութիւններուն միջեւ արդիւնաւէտ ու տեւական կապ ձեւաւորելն է:

«Together4Armenia»-ն կամուրջ կը հանդիսանայ Հայաստանի տեղական նախաձեռնութիւններուն եւ Սփիւռքի հայ մասնագէտներու միջեւ, որոնք պատրաստ են իրենց գիտելիքները ծառայեցնելու Հայաստանի մարզերու զարգացման ի խնդիր:

Վերափոխուած հարթակը աւելի պարզ ու յարմար է օգտագործման համար: Անիկա ունի որոնման եւ առցանց հաղորդակցութեան համակարգեր, որոնք կ’օգնեն համայնքային ծրագիրներու պահանջներուն համապատասխան մասնագէտներ գտնելու արագօրէն, եւ անմիջական կապ կը ստեղծեն երկու կողմերուն միջեւ:

«Together4Armenia հարթակը կը խթանէ գիտելիքի եւ փորձի փոխանցումը եւ բարի կամքի դրսեւորումը, ինչ որ մեծապէս կարեւոր է Հայաստանի զարգացման ներկայ փուլին: Մենք լիայոյս ենք, որ այս հարթակին միջոցով, Սփիւռքի լաւագոյն մասնագիտական ներուժը պիտի օգնէ ամրապնդելու Հայաստանի համայնքները՝ առաւել ապահով եւ բարեկեցիկ միջավայր ստեղծելով հայ ընտանիքներուն եւ անոնց երեխաներուն համար», նշած է Հայաստանի մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ներկայացուցիչ Դանիա Ռատոչա:

2016-էն ի վեր, Սփիւռքէն աւելի քան 60 մասնագէտներ այս անվճար հարթակին միջոցով իրենց փորձը փոխանցած են Հայաստան ապրող շուրջ 2100 բնակիչի: Անոնց մասնակցութիւնն ու խորհրդատուութիւնը կ՛օգնեն լուծումներ գտնելու համայնքային տարբեր խնդիրներու եւ նոր շունչ հաղորդելու ամենատարբեր ոլորտներու զարգացման:

«Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան համար աւելի հզօր Հայաստան կառուցելու նախապայմաններից մէկը բազմակողմանի զարգացած եւ աշխոյժ քաղաքացիական հասարակութիւն ունենալն է: Մենք հաւատացած ենք, որ Սփիւռքի մասնագէտների ներուժը Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան զարգացման գործում ներգրաւելը բացառի՛կ հնարաւորութիւն է, որը կը նպաստի նաեւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ երկարաժամկէտ կապերի հաստատմանը: Սրանք ՀԲԸՄ Հայաստանի այն կարեւորագոյն երկու նպատակներն են, որոնց իրականացման համար կարեւոր հարթակ է հանդիսանում «Together4Armenia»-ն», իր կարգին նշած է ՀԲԸՄ Հայաստանի «Կամուրջ» ծրագիրի ղեկավար Արսէն Ստեփանեան: Այցելելով www.Together4Armenia.am կայքը կամ www.facebook.com/Together4 Armenia/ դիմատետրի էջը՝ կարելի է հետեւիլ փորձագէտներուն եւ ծրագիրերու նորութիւններուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին