Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Փաշինեան Յորդորեց Օգտուիլ Հայկական Արտադրանքէն

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան նիստերու դահլիճներուն մէջ, այսուհետեւ, տեղադրուած կ’ըլլան հայկական արտադրութեան համակարգիչներ: «Armenpress.am»-ի տեղեկութիւններով՝ կառավարութեան Յուլիս 4-ի նիստին այս մասին յայտարարեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց այն փաստին վրայ, որ իրենց առջեւ տեղադրուած են հայկական արտադրութեան համակարգիչներ:

«Կառավարութեան նիստերու համակարգչային ապահովումը փոխուած է: Ասիկա կապուած է մօտեցման փոփոխութեան հետ, ասիկա մեր քաղաքական մօտեցումն է: Մենք յայտարարած ենք, որ Հայաստանի մէջ բարձր արհեստագիտութիւններու զարգացումը մեզի համար առաջնահերթութիւն է: Ի դէպ, ո՛չ միայն ծրագրային ապահովման, այլեւ յստակ արտադրանքի իմաստով»,- ըսած է Փաշինեան:

Ան կարծիք յայտնած է, որ Ազգային ժողովին մէջ եւս պէտք է նման փոփոխութիւն տեղի ունենայ: «Պէտք է  նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերել, որպէսզի Ազգային ժողովի նիստերու դահլիճին մէջ եւս տեղադրուին հայկական արտադրութեան համակարգիչներ: Մեր երկրի համար շատ կարեւոր է, որ Հայաստանի մէջ արտադրութիւնը զարգանայ, մենք բոլորս նախապատուութիւնը պէտք է տանք հայկական արտադրութեան ու հայկական արտադրողներուն: Ինչպէս կը տեսնէք՝ այդպիսի հնարաւորութիւն կայ»,- նկատած է վարչապետը:

Փաշինեան կոչ ըրած է ՀՀ բոլոր քաղաքացիներուն՝ գնումներ ընելու ժամանակ նախապատւութիւն տալ հայկական արտադրութեան: «Ատիկա ե՛ւ հաճելի է, ե՛ւ շահաւէտ, ե՛ւ կը մեծցնէ տեղական արտադրութեան ու արտադրողներու հնարաւորութիւնները»,- ըսաւ ան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին