Յուլիս 2-ին երկարատեւ ծանր հիւանդութեան հետեւանքով, մահացած է սիրուած երգչուհի ՀՀ մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Նատեժտա Սարգսեանը:
Երգչուհին աւարտած է Հայֆիլմի դերասանի բաժինը, այնուհետեւ Մոսկուայի թատերարուեստի ուսումնարանը։ Ղեկավարած է «Սերպանտին» վոքալ-գործիքային անսամպլը, եղած է Հայաստանի պետական էստրադային նուագախումբի մենակատար, «Հայեր» անսամպլի եւ մշակութային կեդրոնի գեղարուեստական ղեկավար, «Էնի Բի» կեդրոնի տնօրէն, «Տօ-ռէ-մի» մրցոյթի եւ վոկալ արուեստանոցի հիմնադիր եւ գեղարուեստական ղեկավար, Երեւանի մշակոյթի պետական գոլէճի տնօրէն։
1995-1999 թուականները եղած է ՀՀ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր, ֆինանսավարկային, պիւտճէական եւ տնտեսական հարցերու մշտական յանձնաժողովի անդամ։ 2008-2009 եղած է «Մանկական Եւրոտեսիլ» եւ «Նոր ալիք» երգի միջազգային մրցոյթներու Հայաստանը ներկայացնող producer, ընդգրկուած է Հանրային խորհուրդի «Կրօնի, սփիւռքի եւ միջազգային ընդելուզման» յանձնաժողովի անդամ։