Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Հայաստան-Արցախ Ֆոնտը 5 Միլիոն Տոլարի Օժանդակութիւն Հայթայթած Է

2018-ի երկրորդ եռամսեակին, Հայաստան-Արցախ ֆոնտը 5 միլիոն տոլարի արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն հայթայթած է Հայաստանին ու Արցախին:

Ըստ «Ասպարէզ»-ի՝ այս օժանդակութիւնը իրականացնելու համար, Հայաստան-Արցախ ֆոնտը 4.2 միլիոն տոլար ընդհանուր արժէքով դեղորայք եւ այլ մարդասիրական պիտոյքներ ապահոված է՝ «AmeriCares» կազմակերպութենէն (3.8 միլիոն տոլար), «Direct Relief»էն (290,000 տոլար) եւ Գանատայի «Health Partners International»էն (156,000 տոլար):

Մեծարժէք ապրանքներ նուիրած են նաեւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւն-«Քեմփ Արեւ»-ը (402,000 տոլար), «Project Agape»-ը (96,000 տոլար), Հաուըրտ Գարակէօզեանի յիշատակի ընկերութիւնը (86,000 տոլար), Վիքթոր Փամպուքչեանը (86,000 տոլար) եւ Սերկէյ Սարգիսովը (15,500 տոլար):

Մարդասիրական օժանդակութեան մեծապէս նպաստած են նաեւ բժշ. Ալպերթ Ֆիլիփս (10,500 տոլար), բժշ. Հրայր Կարապետեան-«Providence Center for Congenital Heart Disease» (2300 տոլար) եւ բժշ. Յակոբ Յովակիմեան (1500 տոլար):

Իսկ բժշ. Կարօ Արզու, Կլենտէյլէն, առատաձեռնօրէն հոգացած է 1.8 միլիոն տոլարի ընդհանուր արժէքով՝ քաղցկեղի յատուկ դեղորայքի երկու օդային առաքումներու ծախսը:
Այս ժամանակաշրջանին նուիրուած դեղորայքն ու բժշկական պիտոյքները առաքուած են Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան, Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան, ՀԲԸՄ Քլոտիա Նազարեան Սուրիահայ գաղթականներու բժշկական կեդրոնին, Արաբկիրի Մանուկներու միացեալ հիմնարկին, Հայաստանի ակնաբուժական ծրագիրին, «Մուրացան» Երեխաներու ներզատաբանութեան (Endocrinology) կեդրոնին, Ուռուցքաբանութեան Ազգային կեդրոնին, Նորք Մարաշի բժշկական կեդրոնին եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ բժշկական կեդրոնին:

Անցեալ 30 տարիներուն, Հայաստան-Արցախ ֆոնտն ու զայն նախորդած Միացեալ Հայկական ֆոնտը, Հայաստանին ու Արցախին հայթայթած են 789 միլիոն տոլարի ընդհանուր արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւններ՝ 158 թռիչքներով եւ 2408 ծովային արկղերով: Միայն 2018ի առաջին վեց ամիսներուն, Հայաստան-Արցախ ֆոնտը 11.8 միլիոն տոլարի դեղորայք առաքած է Հայաստան եւ Արցախ:

«Հայաստան-Արցախ ֆոնտին կանոնաւորապէս կ’առաջարկուի միլիոնաւոր տոլարի արժէքով կեանք փրկող դեղեր եւ բժշկական պիտոյքներ», յայտնեց ֆոնտի նախագահ Յարութ Սասունեան, ապա շարունակեց. «Մեզի կը մնայ հոգալ առաքման ծախսը միայն: Մեծապէս կը քաջալերենք ձեր առատաձեռն նուիրատուութիւնները, որպէսզի կարենանք շարունակաբար այս կենսական օժանդակութիւնը տրամադրել Հայաստանի եւ Արցախի բոլոր բժշկական կեդրոններուն»:

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել ֆոնտի գրասենեակը՝ (818) 241-8900 թիւով կամ sassoun@pacbell.net հասցէով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին