Հայ-ատրպէյճանական սահմանի վրայ հակառակորդի զինուած ուժերու աշխոյժ գործողութիւնները այնտեղ ապրող բնակիչներուն մէջ ատելութեան մակարդակի բարձրացման միտուած քայլեր են:
Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, այսօր տեղի ունեցած մամուլի ասուլիսին ընթացքին՝ լրագրողներուն յայտնեց ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան:
«Ասիկա Ատրպէյճանի առջեւ դրուած ռազմավարական խնդիր է: Անոնք կը ձգտին Նախիջեւանի բնակչութեան ատելութեան մակարդակը հասցնելու Ատրպէյճանի միւս հատուածներուն մէջ ապրող մարդոց ատելութեան մակարդակին: Ատրպէյճանցիները այդտեղ նոյնքան լարուած ու ատելութեամբ լեցուած չեն, որքան, օրինակ, Տաւուշի հատուածին վրայ: Սակայն, հաշուի առնելով Նախիջեւանի կարեւորութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան ու մայրաքաղաք Երեւանի անվտանգութեան տեսանկիւնէն, մենք այստեղ ամրացուցած ենք, կ՝ամրացնենք ու պիտի ամրացնենք մեր անվտանգութիւնն ու պաշտպանութիւնը»,- ըսած է Արծրուն Յովհաննիսեան:
ՀՀ ՊՆ մամուլի խօսնակը յայտնած է, որ Նախիջեւանի հատուածին վրայ արտառոց բան տեղի չ՝ունենար: Նոյն գործողութիւնները եղած են նաեւ 10 տարի առաջ Տաւուշի հատուածին վրայ եւ 20 տարի առաջ` Արցախի մէջ:
«Հակառակորդը կը փորձէ միջդիրքային տարածութիւնները կրճատել, դիրքերը իրարու մօտեցնել, որ, ի հարկէ, կը մեծցնէ վտանգը, որ մէկ դիրքէն միւսը հրաձգային զինատեսակով կրնայ հասանելի դառնալ: Ատիկա իր հերթին կը ստեղծէ որոշակի լարուածութիւն, բայց այնպէս չէ, որ այս գործողութիւնները սկսած է հակառակորդը, կամ մենք կրաւորական ենք ու քնացած»,- նշած է Յովհաննիսեան:
Արցախի եւ Նախիջեւանի սահմանին ատրպէյճանական ուժերու կուտակումը, Յովհաննիսեանի խօսքով, տարբեր պատճառներ կրնայ ունենալ, եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու գործողութիւններուն մէջ միայն մէկ նպատակ տեսնելը տեղին չէ:
«Առաջնագիծի վրայ, վերջին մէկ ու կէս տարուան ընթացքին, հակառակորդը շատ չի կրակեր, եւ, եթէ ասոր գումարենք աշխոյժ տեղաշարժերը՝ կրնայ ըլլալ խոշոր ծրագիր մը: Զուտ ռազմագիտութեան տեսանկիւնէն ասոնք դիմացինի ուշադրութիւնը բթացնելու ու սեփական զօրքերը պատրաստելու քայլեր են»,- ըսած է Յովհաննիսեան:
Արծրուն Յովհաննիսեան հաւաստիացուցած է, որ լայնածաւալ պատերազմի վերսկսման վտանգը այս պահուն այնքան մեծ չէ, որքան մէկ ամիս առաջ, սակայն ցանկացած պահ պէտք է պատրաստ ըլլալ իրավիճակի փոփոխութիւններուն: