Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Ձերբակալուած է «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Տնօրէնը. ԱԱԾ

Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութեան ստացած տուեալներուն հիման վրայ, Յուլիս 2-ին, իւրացումներ կատարելու, ինչպէս նաեւ հասարակական կազմակերպութեան ծառայողի կողմէ լիազօրութիւնները չարաշահելու կասկածանքով բռնուած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տնօրէն Արա Վարդանեանը:

ՀՀ ԱԱԾ մամուլի կեդրոնին փոխանցած տեղեկութիւններով՝ փաստական հանգամանքներու ճնշման ներքոյ Վարդանեանը խոստովանած է, որ տնօրինելով հիմնադրամին տրամադրուած 25 միլիոն դրամի վարկային գծով դրամատնային քարտը, անոր միջոցները օգտագործած է անձնական նպատակներով, ներառեալ, զանոնք ուղղելով տարբեր առցանց խաղատուներու մէջ խաղադրոյքներ կատարելուն:

Ըստ իր խօսքերուն, վարկային քարտէն վատնած միջոցները Վարդանեանը ետ դարձուցած է հիմնադրամին հանգանակուած գումարներու հաշուին: Այնուհետեւ՝ անձնական միջոցները կանխիկ մուտքագրած է հիմնադրամի հաշուապահութիւն, ատով իսկ թաքցնելով հիմնադրամի գումարներուն վատնման հանգամանքը:

Միայն վերջին շաբթուան ընթացքին Վարդանեանը հիմնադրամի դրամատնային քարտէն մօտ 14 միլիոն ՀՀ դրամ փոխանցած է առցանց խաղատուներուն, իսկ 2016–2018 թուականները ինկած ժամանակահատուածին՝ այդ գումարը կազմած է շուրջ 130 000 000 միլիոն ՀՀ դրամ:

Այժմ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին մէջ կը կատարուին ստուգումներ՝ հնարաւոր չարաշահումներն ու իւրացումները բացայայտելու, ինչպէս նաեւ հանգանակուած գումարներու ծախսման օրինականութիւնը ճշտելու ուղղութեամբ:

Արա Վարդանեանը ձերբակալուած է: Նախաքննութիւնը կը շարունակուի:

Ծանուցում. ենթադրեալ յանցանքի մէջ կասկածուողը կամ մեղադրուողը կը համարուի անմեղ, քանի դեռ անոր մեղաւորութիւնը ապացուցուած չէ ՀՀ քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքով սահմանուած կարգով` դատարանի` օրինական ուժի մէջ մտած դատավճիռով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին