Երկուշաբթի, 11. 11. 2024

spot_img

Անջրպետի Միջեւ (The Space Between)

*ՎԻԳԷՆ ՀԱՊԷՇԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Աշխատակից

Գէորգ Մուրատի անհատական ցուցահանդէսի բացումը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 13 Յունիս 2018-ին Կալըրի Թանիդի (Մար Մխայէլ-Պէյրութ) սրահներուն մէջ։

Մուրատ, հայկական ընտանիքէ սերած, ծնած է Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան Գամըշլի քաղաքը։ Ան իր վկայականը կը ստանայ Երեւանի Արուեստից համալսարանէն: Այժմ կ’ապրի ու կը ստեղծագործէ Նիւ Եորքի մէջ։ Իր գեղանկարչական ինքնաբուխ ոճով ան բեմի վրայ կ’ընկերակցի երաժիշտներու եւ կը նկարէ։ Այս համագործակցութիւնը, ուր արուեստը եւ նուագը ընդխառնուելով կը զարգանան, իրեն կը ծանօթացնէ աշխարհահռչակ արուեստագէտներու հետ։ Ան կ’աշխատի մեծ երաժիշտներու հետ, ինչպէս` Գինան Ազմէ, Պրուքլին Րայտըր, Գէն Իւէնօ, Լիուպօ Պորիսով եւ Իսամ Րաֆէա։

Մուրատ իր յատուկ արուեստը ներկայացուցած է Պրուքլին Արուեստի թանգարանին, Պրոնքս Արուեստի թանգարանին, Հարվըրտ համալսարանին, Արաբական Աշխարհի Մոնրէալի փառատօնին, Ճափոնի Նարա թանգարանին, Բնական Պատմութեան Ամերիկեան թանգարանին, Մեթրոփոլիթան Արուեստի թանգարանին, Թորոնթոյի Ակախան թանգարանին մէջ եւ ուրիշներ։

Երգչուհի եւ հեղինակ Անայիս Թեքերեանի հետ Մուրատ արտադրած ու ղեկավարած է մի քանի մուլդիմետիա թատերական գործեր։ Ան ստեղծեց անիմացիա գործ մը եւ վիտէօ անիմացիա գործ մը, որ ցուցադրուեցաւ Ֆիլատելֆիոյ օփերային մէջ։ Ան աշխատակցեցաւ յօրինող եւ ուտ նուագող Իսամ Րաֆէայի հետ՝ ստեղծելու «Barbed Wine» (2015) երաժշտական-տեսողական գործ մը, որ կը նկարագրէ իրականութիւնը այն սուրիացիներուն, որոնք իրեմց երկիրը կը լքեն։ Իր վերջին ցուցահանդէսը` «Անմահ քաղաքը» ցուցադրուեցաւ 2017-ի վերջերուն եւ մինչեւ 2018-ի սկիզբները։ 2016-ին ան կը ստանայ Ռոպեր Պոշ մրցանակը եւ ներկայիս կ’աշխատի Սուրիոյ մասին կենդանի (animated), կարճ շարժապատկերի մը վրայ։

Հայ մը ծնած Սուրիա` Մուրատ կ’ազդուի իր երկու արմատներէն։ Իր հայրենիքին պատմութիւնները կը հոսին առատօրէն իր գործերուն մէջ, որոնք կը վերածուին մտավախութիւններու վայրագութեան կամ բռնութեան մասին, ինչ որ առատ են իր նախահայրերու երկրին մէջ։ Ան միջոցներ կը փնտռէ ձերբազատելու վայրագութենէն` հասնելու համար խաղաղութեան։

Ցեղասպանութենէն վերապրած ծնողներու զաւակ` Մուրատ հիացած է այն գաղափարով, թէ գաղթականները ի՛նչ կը փոխադրեն իրենց հետ եւ դէպքեր ու փաստեր որ կը ստեղծեն: Ան կը շալկէ իրենց տառապանքները եւ իր արուեստը կը գերազանցէ կորուստը։

Իր կեանքին ընթացքին քաղաքէ-քաղաք տեղափոխուած ու ստիպուած միշտ ինքզինք վերստեղծել, ան իր աշխարհահայեացքը ընդլայնելով եւ առնելով գաղափարներ այնտեղէն ուր լքած է եւ զանոնք յարմարեցնելով իր կեանքին եւ զետեղելով իր գործերուն մէջ, Մուրատ իր ստեղծագործութիւններով կը ջանայ գտնել յոյս եւ ներշնչում կրկնուող աղէտներուն դիմաց:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին