Երեքշաբթի, 10. 12. 2024

spot_img

Հրապարակուած է Հայկական ԶՈւ Արձակած Կրակին Իբրեւ Արդիւնք Ատրպէյճանական Այրող Դիրքին Տեսանիւթը

ՀՀ պաշտպանութեան  նախարարութեան մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան հրապարակած է տեսանիւթ մը, որուն մէջ կ՝երեւի, թէ ինչպէս հայկական կողմի արձակած կրակին իբրեւ արդիւնք՝ Նախիջեւանի մէջ կ՝այրի ատրպէյճանական դիրքը:

Արծրուն Յովհաննիսեան, Յուլիս 1-ին, դիմատետրի իր էջին վրայ գրած էր, որ ատրպէյճանական զինուած ուժերը՝ Նախիջեւանի ուղղութեամբ որոշ տեղամասերու մէջ՝ փորձած են դիրքային ամրապնդման ճարտարագիտական աշխատանքներ իրականացնել, որուն ի պատասխան՝ ՀՀ ԶՈւ-երը պատասխան կրակ բացած են եւ թոյլ չեն տուած հակառակորդին կատարելու խնդիրը: Հայկական կրակէն ամբողջութեամբ աւերուած ու այրած է հակառակորդին դիրքերէն մէկը: Փոխհրաձգութեան ընթացքին՝ թեթեւ (աննշան) վիրաւորուած է հայկական զինուած ուժերու պայմանագրային զինծառայող, 1974-ի ծնունդ Վահագն Սամուէլ Պաղտասարեանը:

Յուլիս 2-ին, ըստ Armenpress.am-ի, զրոյցի մը ընթացքին Յովհաննիսեան յայտնած է, որ Նախիջեւանի հատուածին վրայ իրավիճակը համեմատաբար հանգիստ է: «Վերջին միջադէպէն ետք կրակոցներ եղած են, սակայն ներկայիս համեմատաբար իրավիճակը հանգիստ է»,- ըսած է ան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին