ՀՀ ԱԺ նախագահ Արա Պապլոյեան Յուլիս 2-ին ընդունած է Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը:
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ ԱԺ լրատուութեան եւ հանրային կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ ԱԺ նախագահը, շնորհաւորելով դեսպանին առաքելութեան ստանձնման կապակցութեամբ, յոյս յայտնած է, որ ան իր գործունէութեամբ կը նպաստէ հայ-ռուսական բարեկամական կապերու հետագայ զարգացման ու ամրապնդման:
Երկու երկիրներու դաշնակցային եւ ռազմավարական յարաբերութիւններուն մէջ Արա Պապլոյեան կարեւորած է խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերը: Օրէնսդիր մարմինի ղեկավարը անդրադարձած է միջազգային խորհրդարանական հարթակներու վրայ արդիւնաւէտ համագործակցութեան շարունակականութեան:
ԱԺ նախագահը նշած է, որ Հայաստանը կրնայ կամուրջ դառնալ ԵԱՏՄ-ի եւ ԵՄ-ի միջեւ` նպաստելով երկխօսութեան:
Սերէյ Քոփիրքինը վստահեցուցած է, որ կը ներդնէ բոլոր ջանքերը երկու ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան ամրապնդման, դաշնակցային յարաբերութիւններու ընդլայնման ուղղութեամբ:
Դեսպանը բարձր գնահատած է Արա Պապլոյեանի ներդրումը երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման հարցին մէջ:
Զրուցակիցները ընդգծած են Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ կապերու զարգացումը բոլոր ոլորտներուն մէջ, ինչպէս նաեւ արձանագրած են վերջին տարիներու ձեռքբերումները: Այս թեմայի ծիրին մէջ Արա Պապլոյեանը համոզում յայտնած է, որ այսուհետեւ երկկողմ փոխգործակցութիւնը նոյնպէս կը շարունակէ զարգանալ գործընկերութեան եւ վստահութեան մթնոլորտի մէջ:
Կողմերը անդրադարձած են նաեւ ՀՀ Ազգային ժողովի եւ ՌԴ Դաշնային ժողովի միջեւ համագործակցութեան միջխորհրդարանական յանձնաժողովի յաջորդ նիստին առնչուող հարցերուն, Հայաստանի մէջ սպասուող խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններուն, երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ թեմաներու: