«Հայերն այսօր»-էն քաղելով արդէն տեղեկացուցած էինք, որ ԱՄՆ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի ազգային զբօսայգիին մէջ Յունիս 27-ին մեկնարկած է ԱՄՆ գիտահետազօտական եւ մշակութային կեդրոններէն մէկուն` Սմիթսոնեան հիմնարկի ամէնամեայ «Ազգային կեանք» փառատօնը (Folklife): Հայկական մշակութային ժառանգութեան նուիրուած փառատօնը պիտի տեւէ մինչեւ Յուլիս 8: Զբօսայգիին մէջ հայ վարպետներու անմիջական մասնակցութեամբ կը ներկայացուի խաչքարագործութիւնը, կաւագործութիւնը, փայտագործութիւնը, գորգագործութիւնը, ասեղնագործութիւնը, հայկական ուտեստները եւ այլն:
Ուաշինկթըն գտնուող Ալիք Գանտահարեան, որ ներգրաւուած է փառատօնի կազմակերպչական աշխատանքներուն, «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսած է, որ հայկական ուտեստներու պատրաստման գործընթացին մեծ թիւով օտարազգիներ կը հետեւին եւ նօթագրութիւններ կը կատարեն:
«Ասիկա կը խօսի այն մասին, որ անոնք տպաւորուած են հայկական կերակրատեսակներու պատրաստութեամբ եւ կը ցանկան հետագային իրենք եւս պատրաստեն: Լաւաշ թխող կանայք ինծի հետ զրոյցին ըսին` նկատած են, որ օտարազգիները զարմացած իրենց կը հետեւին: Կիներէն մէկը ինծի նոյնիսկ հարցուց` Ալիք ճան, ինչո՞ւ անոնք այդքան երկար եւ զարմացած մեզի կը հետեւին: Ես ալ պատասխանեցի, որ առաջին անգամ նման երեւոյթ կը տեսնեն եւ շատ տպաւորուած են: Եւ իսկապէս, օտարազգիներուն համար շատ հետաքրքիր եւ դժուար թուացող աշխատանք է լաւաշի պատրաստումը»,- ըսաւ Ալիք Գանտահարեան եւ նշեց, որ կարեւորը այն է, որ բոլոր մասնակիցները շատ հպարտ են իրենց աշխատանքով եւ ցուցադրած գործերով:
«Հայկական մշակոյթի եւ արհեստագործութեան տարբեր ճիւղերուն ծանօթացողները տարաբնոյթ հարցերով կը դիմէին փառատօնի մասնակիցներուն: Այդ ամէնուն ականատես ըլլալը ինծի շատ հետաքրքրական պահեր եւ ապրումներ կը պարգեւէր: Յուզուած էի, որովհետեւ ազգային հպարտութիւն կը զգայի, որ աշխարհի կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկուն մէջ մեր հայրենակիցները, հայրենիքէն եկած մասնակիցները իրենց գործերով այնչափ կը տպաւորեն ու կը զարմացնեն օտարներուն: Սա մեր ժողովուրդի, մեր հայրենիքի քաղաքակիրթ, մշակութային դէմքը ցուցադրելու լաւագոյն առիթն է»,- իր խօսքը եզրափակած է Ալիք Գանտահարեան: