Կիրակի, 03. 12. 2023

spot_img

Սուրիահայ Լուսանկարիչ Յակոբ Վանէսեան Փարիզի Մէջ Արժանացաւ Մրցանակի

Սուրիահայ լուսանկարիչ Յակոբ Վանէսեան Փարիզի մէջ կայացած լուսանկարչական մրցումին արժանացաւ մրցանակի։

Ան մրցումին մասնակցեցաւ «Պատերազմ» բաժինին մէջ, ուր ներկայացուց «Պատերազմի ճարտարապետութիւն», «Տարբեր պատմութիւններ» եւ «Պատերազմի դիմանկար» խորագիրով երեք լուսանկարներ։

Նշենք, որ 1970-ին Հալէպ ծնած լուսանկարիչ Յակոբ Վանէսեան մասնագիտութեամբ արծաթագործ է. ան նկարչութեամբ կը զբաղի սիրողական մակարդակով։ Սուրիոյ պատերազմին ընթացքին ան Հալէպի ժողովուրդի, տուներու եւ թաղամասերու իսկական պատկերները փաստագրած է նկարներու միջոցաւ, ցոյց տալով ժողովուրդին կրած տառապանքը։

Ան 2014-ին ցուցահանդէսով հանդէս եկած էր Դամասկոսի մէջ՝ ներկայացնելով «Հալէպ. քաղաքակրթութիւն եւ մոխիր» խորագիրով աշխատանքներու հաւաքածոն։ 2015-ին «Մոռցուած մարդկութիւն» խորագիրին տակ ան մէկտեղած էր լուսանկարներու շարք մը եւ զայն ցուցադրած՝ Նիւ Եորքի ՄԱԿ-ի շէնքին մէջ, իսկ 2016-ին՝ Ատանայի «Նազըմ Հիքմէթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ։

Անցեալ տարի ան նաեւ լուսանկարներու մրցանակաբաշխութեան միութեան կողմէ կազմակերպուած մրցումի մը մասնակցեցաւ՝ արժանանալով մրցանակի՝ «Պատերազմ ու հակամարտութիւն» բաժինին մէջ, իր «Վերջին նկար» խորագիրով լուսանկարին համար։

Յակոբ Վանէսեան յայտնի է իր սեւ ու սպիտակ նկարներով։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին