Ազրպէյճանական զինուած ուժերը Նախիջեւանի ուղղութեամբ որոշ տեղամասերու մէջ փորձած են դիրքային ամրապնդման աշխատանքներ իրականացնել, ինչին ի պատասխան ՀՀ ԶՈւ-երը կրակ բացած են ու թոյլ չեն տուած հակառակորդին կատարել իր խնդիրը: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեանը:
«Երէկ երեկոյեան եւ այսօր առաւօտեան ազրպէյճանական ԶՈւ-երը Նախիջեւանի ուղղութեամբ որոշ տեղամասերու մէջ փորձած են դիրքային ամրապնդման աշխատանքներ իրականացնել, ինչին ի պատասխան ՀՀ ԶՈւ-երը կրակ բացած են ու թոյլ չեն տուած հակառակորդին կատարել իր խնդիրը: Հայկական կրակէն ամբողջութեամբ աւերուած ու այրած է հակառակորդի դիրքերէն մէկը: Փոխհրաձգութեան ընթացքին թեթեւ (աննշան) վիրաւորում ստացած է ՀՀ ԶՈՒ-երու պայմանագրային զինծառայող, 1974-ի ծնունդ Վահագն Սամուէլ Պաղտասարեանը»,- «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ կը տեղեկացնէ Յովհաննիսեանը: