Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Զինուած Ուժերը Պէտք Է Պատրաստ Ըլլան Որեւէ Դրութեան. Փաշինեան

Հայկական զինուած ուժերը պէտք է պատրաստ ըլլան իրադարձութիւններու զարգացման որեւէ դրութեան: Այս մասին նշեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ անդրադառնալով Ազրպէյճանի կողմէ ռազմամթերային եւ կենդանի զինուժի կուտակումներուն ու տեղաշարժին եւ ծրագրուած լայնամաշտաբ զօրավարժութիւններուն:

«Զօրավարժութիւններ են տեղի ունենալու: Ես կարծում եմ, որ Հայաստանի զինուած ուժերը պէտք է պատրաստ լինեն իրադարձութիւնների զարգացման ցանկացած սցենարի, եւ իմ հրամանը զինուած ուժերին հենց դա է»,- «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ ըսաւ Փաշինեան:

Արցախի եւ Ազրպէյճանի շփման գիծին վրայ անցած շաբթուան ընթացքին դարձեալ դիտարկուած են ազրպէյճանական սպառազինութեան եւ ռազմամթերքի տեղաշարժեր, իսկ արեւելեան ուղղութեամբ նկատուած է նաեւ ականորսիչ սարքաւորում: Բացի անկէ, Ազրպէյճանը                    յայտարարած է, որ Յուլիս 2-6-ը լայնամաշտաբ զօրավարժութիւններ պիտի իրականացնէ, ուր պիտի ներգրաւուի մինչեւ 20 հազար զինծառայող:  

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին