Յունիս 28-ին Երուսաղէմ պաշտօնական այցով գտնուող Անգլիոյ արքայազն Ուիլիըմը այցելած է Ս. Յարութեան Տաճար, ուր անոր դիմաւորած են իրաւատէր երեք համայնքներու հոգեւոր պետերը:
«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ՝ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանը ներկայացուցած է Սուրբ Աթոռի լուսարարապետ գերշ. Տ. Սեւան արք. Ղարիբեանը:
Սուրբ Յարութեան տաճարին մէջ Ս. Արեւմաթացու հայկական մատուռ այցի ընթացքին Անգլիոյ արքայազնին բարի գալուստի խօսք ըսած է տաճարի հայ տեսուչ հոգշ. Տ. Սամուէլ ծայրագոյն վարդապետ Աղոյեան եւ պատրիարքարանի անունով անոր հայկական խաչ նուիրած է: